«Մանկական Եւրոտեսիլ 2021» երգի միջազգային մրցոյթին, որ տեղի ունեցաւ 19 Դեկտեմբերին Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ, առաջին հանդիսացաւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Մալենան «Քամի-Քամի» երգով: Ըստ մրցոյթի քուէարկութեան օրէնքին, մասնակից երկիրը առցանց քուէարկութեան միջոցով կրնար ձայն տալ նաեւ իր պատուիրակին: Քուէարկութիւնը սկսած էր 17 Դեկտեմբերին jesc.tv կայքին վրայ, ուր կարելի էր դիտել բոլոր մասնակիցներուն ելոյթներուն նախնական տարբերակները: Քուէարկութիւնը աւարտեցաւ մրցոյթին օրը՝ ելոյթէն անմիջապէս առաջ: Ապա վերսկսաւ մրցոյթի ընթացքին բոլոր ելոյթներէն վերջ: Քուէարկութիւնը տեւեց 15 վայրկեան: Պատկերասփիւռ դիտողի քուէն վերածուեցաւ կէտերու՝ դառնալով մրցոյթի արդիւնքին մէկ մասը, միւս մասը ճշդուեցաւ դատական կազմին տուած արժեւորումին համաձայն: Դատական կազմի քուէարկութեամբ Հայաստան 10-ական կէտ ստացաւ Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Սպանիայէն, 5-ական կէտ՝ Վրաստանէն, Մալթայէն, 12 կէտ՝ Լեհաստանէն, Փորթուկալէն, 2-ական կէտ՝ Պուլկարիայէն, Հիւսիսային Մակեդոնիայէն, 6-ական կէտ՝ Ռուսիայէն, Ղազախիստանէն, Ալպանիայէն, 7-ական կէտ՝ Իռլանտիայէն, Ուքրանիայէն, Հոլանտայէն, 8 կէտ՝ Սերպիայէն: Հայաստան 12 կէտ տուաւ Վրաստանի մասնակիցին: Պատկերասփիւռ դիտողին քուէարկութեամբ Մալենան շահեցաւ 109 կէտ: