Երիտասարդական Ոսպնեակ

Տինկ-Տո՜նկկկկկ… Ժամը 12:00-ն է ու Նո՛ր Տարուան տօնը կը յուշէ, որ անցնող տարուան վերջին օրն է, վերջին ժամը եւ այդ օրուան պիտի յաջորդէ ոչ միայն նոր օր մը, այլեւ պիտի մեկնարկէ 365 օր պարփակող ամբողջ տարի մը:  Եւ ահա՛ ամանորեան զնգուն զանգերը այդ Նոր Տարուան ծիծաղկոտ օրերուն սիրերգը կը հնչեցնեն։
Նոր Տարուան գիշերը հաշուեյարդարի ժամ կը թուի բոլորիս, որովհետեւ նորը մեզ կը պարտադրէ մտածել, խորհիլ նորոգուելու համար՝ նորովի դիմաւորելու նորը իր բացասական եւ դրական կողմերով։
Հեթանոսական նախաշրջանէն մնացած Կաղանդի այս իմաստալից տօնը նուիրականացած է քրիստոնէական արժէքներով։ Նուիրելու, ներելու, սիրելու, հաշտուելու, ապրելու եւ գոյատեւելու կամքի տօնն է Կաղանդը։ Անոր խորհրդանիշը մշտադալար եղեւնին է, որուն շուրջ համախմբուելով բարի մաղթանքներ կը փոխանակենք։
Երանի մեր բոլոր օրերը նոյն ջերմութիւնը ունենային ու երբ տօնական լոյսերը ցնդէին, զանգերու  ղօղանջները դադրէին, խաղաղ ու միակերպ կապոյտը կրկին  տիրէր մեր կեանքի սովորական երկնքին, սէրն ու բարեմաղթութիւնները դարձեալ զարդարէին մեր ներաշխարհը։
Յաճախ ծառէն կախուած ու տատանող խաղալիքի մը հետ մտովի կ’ուղղուինք դէպի մանկութեան բարի եւ հեքիաթային օրեր։ Այդ օրերուն  դրոշմը Կաղանդի ծառին պէս կը կանաչի, բանաստեղծ Զահրատ ալ նոյն ապրումներով ջերմացած կ’ըսէ.
Ծառէն ժանեակ ծառէն մանեակ ծառէն սոխակ կախեցէ՛ք 
Ծառէն թելեր ծառէն ծամեր ծառէն լոյսեր կախեցէ՛ք 
Ծառէն ծաղիկ ու խաղալիք 
Ծառէն պերճանք ու զարդարանք 
Ծառէն խաբկանք, ծառէն պատրանք ու երազանք կախեցէ՛ք:
Ծառը կը խորհրդանշէ բնութիւնը՝ իր պերճանքով ու զարդարանքով: Եթէ նոյնիսկ մերկացնէք ծառը իր բոլոր խաղալիքներէն, անոր մէջ պիտի տեսնէք ամրան տաք արեւը, ձմրան ձիւնը, փոթորիկներուն տոկացող, գարնան սպասող ու վերածաղկող կեանքը։
Բանաստեղծը կ’ըսէ նաեւ.
Որպէսզի Կաղանդ տօնենք տեւական
ուր որ գացինք
ուր որ գաղթեցինք
մեզի հետ
մեր ծառն ալ տարինք
Թէ մարեցաւ մոմերէն մին
տեղը չորս մոմ վառեցինք
թէ խաղալիք մը կոտրեցաւ
կամ ժապաւէն մը փրթաւ
տեղը միշտ նորը դրինք
Բայց չգիտցանք-
արմատները ե՞րբ չորցան
ոստերուն մէջ աւիշը ե՞րբ ցամքեցաւ…
Սուրիահայերս հասկցանք ու զգացինք ծառին դիմացկուն ըլլալուն գաղտնիքը, որովհետեւ անոր պէս, անոր հետ մենք ալ դիմացանք: Քանի՜ կաղանդներ անցուցինք առանց լոյսի ու ջերմութեան, առանց ժպտող դէմքերու, կարօտով ու սպասումով։ Բայց ծառին նման տոկացինք ու սպասեցինք գարնան: Կաղանդի ծառին մերկացած ճիւղերուն մէջ տեսանք մեր ազգին կենսունակութիւնը եւ ապրելու, պայքարելու կամքը։
Նոր Տարին կար ու չկար։
Նոր Տարին չկար անոնց համար, որոնք իրենց կեանքի ընթացքը շարունակեցին անյոյս, չնորոգուեցան: Նորը դիմաւորելու եւ նորէն օգտուելու համար պէտք է ամփոփուիլ, գիտակցիլ հոգեկան, նիւթական, բարոյական ներկայ մեր կացութեան եւ ապա նորոգուելու վճռական որոշում մը տալ։
Օգտաշատ կեանք մը ապրելու համար պէտք ունինք ազնիւ եւ մաքուր հոգիի, մեր եւ մեր միջավայրին կեանքը հարստացնող ոգիի։
Այսօր հեքիաթը թող մտնէ մեր բոլորին բնակարանները եւ իրականացնէ Նոր Տարուան ակնկալիքները:
Թող մեր անձնական թէ ազգային կեանքի  ծառը միշտ դալար մնայ: Ու ծառէն կախուած ամէն մէկ խաղալիքի հետ չմոռնանք տարուան ընթացքին մէկ դրական գործ իրականացնել: Այդ խաղալիքները մեր խոստումներն ու ձգտումները թող ըլլան կախուած ծառէն ու տօնական օրերու աւարտին ծրագիրներու վերածուին, նորոգուած կեանքի վերածուին:
Շնորհաւոր Նոր Տարի:
Ժիրայր Կարապետեան