10-9-8-7-6-5-4-3-2-1-0 հուռա՜
-Ձեր կենացը:
-Շնորհաւոր Նոր Տարի
-Հայր մեր որ յերկինս ես…
-Բարի տարի մը ըլլայ, առողջութեամբ ու յաջողութեամբ լեցուն:
Երբ ամբողջանան տարուան 12 ամիսներն ու 365 օրերը, յաճախ այս համայնապատկերով կը տօնենք Ամանորը:
Յետադարձ ակնարկով մը եթէ փորձենք վերյիշել մեր իրավիճակը ժամացոյցի սլաքներու 12:00-ը ցոյց տալէ մէկ վայրկեան առաջ, մեր մտապաստառին վրայ պիտի պարզուին հետեւեալ տարբերակները՝
Լայն փողոցներ, մութ պատուհաններով կամ նեղ պողոտաներ, լուսաւոր տուներով:
Համադամ ճաշատեսակներ ու ճոխ սեղաններ կամ պարզապէս գաւաթ մը տաք թէյ:
Փոքրիկներու ճիչեր եւ ընտանեկան հաւաքոյթներ կամ առանձնութեան մը լռութիւնն ու անդորրութիւնը:
Երգ ու պար եւ խրախճանք կամ սուգի մը ծանր հառաչանք:
Գրկախառնութիւն ու համբոյրներ կամ հոգի կրծող անսահման կարօտ:
Ապա պահ մը փորձենք պատկերացնել մեր իրավիճակը ժամացոյցի սլաքները 12:00-ը ցոյց տալէն մէկ վայրկեան ետք. ի՞նչ եղած պիտի ըլլար…
Ամայացած փողոցներուն երբեմնի եռուզեռը վերականգնած պիտի ըլլա՞ր: Ճոխ սեղաններու շուրջ հաւաքուած մարդոց սրտերը յագեցած պիտի ըլլայի՞ն:  Տարուան աւարտը մինակ յիշատակողները յանկարծ իրենց հարազատներուն միացած պիտի ըլլայի՞ն:
Առյաւէտ հեռացած ծանօթ մը կրկին պիտի տեսնէի՞նք կամ սիրելիի մը կարօտը վերացած պիտի ըլլա՞ր:
Ուրեմն ի՞նչ փոխուեցաւ:
Հաւանաբար բոլորս պիտի հաստատենք, որ մէկ վայրկեան առաջը, նո՛յնինք մէկ վայրկեան ետքն է, սակայն այնուամենայնիւ, ներքուստ պիտի պնդենք, որ արտասովոր բան մը պատահած էր այդ մէկ վայրկեանուան մէջ:
Զգացումներու աննկարագրելի հեղեղ մը անցած պիտի ըլլար մեր հոգիներէն՝ մեզ գինովութեան մատնելու աստիճան: Ա՛յդ վայրկեանին, անբացատրելի հեւքով մը, բոլորս Աստուծոյ պիտի ներկայացնէինք մեր իղձերն ու փափաքները, խընդրէինք, որ պահէ մեր սիրելիները ու հայցէինք յաջողութիւն՝ մեր ապագայ ծրագիրներուն համար, կարծէք Աստուած այդ վայրկեանին աւելի երկար ականջ պիտի տար մեզի, ապա կրկին պիտի փակուէին դէպի երկինք բարձրացող դռները 365 օր:
Պահ մը հարց տանք՝ առաջին ո՞ր (00.00) վայրկեանը մեզի գերազանցօրէն Աստուծոյ հաղորդակից կը դարձնէ, Միջին Արեւելքի՞, Աւըստրալիո՞յ, թէ ԱՄՆ-ի, այսինքն իրարմէ հեռու երկու սրտեր ճիշդ ո՞ր վայրկեանին պէտք է, որ միասին դիմեն Աստուծոյ, այլապէս իրարմէ հեռո՞ւ մնալու պիտի դատապարտուին:
Եկէ՛ք համոզուինք ուրեմն, որ այս պարագային շատ օգտակար պիտի ըլլայ Ալպերթ Այնըշթայնի Յարաբերականութեան տեսութիւնը: Ճիշդ է, որ աշխարհին շուրջ ժամը 12:00-ները տարբեր են, բայց մենք կը հաւատանք, որ մեզմէ իւրաքանչիւրին սրտին ձայնը կը լսէ Աստուած: Հետեւաբար այս ժամը՝ 12:00-ն,  թող մշտական ներկայութիւն ըլլայ մեր կեանքին մէջ, ամէն օր, ամէն վայրկեան, գիշեր ու ցերեկ:
Մեր տրամադրութիւնը բարձրացնելու համար Ամանորին չսպասենք:
Հաշուեյարդար ընելու համար տարեվերջին չսպասենք:
Նոր գործ մը սկսելու համար սկզբնակէտ չ’որոնենք:
Մեր հարազատներուն եւ ընկերներուն լաւն ու բարին մաղթելու համար ժամը 12:00-ին չսպասենք:
«Քեզ շա՜տ կը սիրեմ» ըսելու համար յարմար առիթի չսպասենք:
31 Դեկտեմբերը եւ 1 Յունուարը սովորական օրեր են, տարուան միւս բոլոր օրերուն նման, զանոնք տարբեր կը սեպենք, երբ չենք ունենար մեր կեանքի իւրաքանչիւր վայրկեանը ապրելու, գոհանալու եւ փառք տալու կարողութիւնը:
Ամանորը այս տարի ալ նոր սկիզբ համարեցէ՛ք, ինչ հարց, սակայն ոչ ձեր նոյն, հին սովորութիւններով:
Ինծի կը մնայ բոլորիդ մաղթել «Բարի Նոր Տարի»:
Անի Մինասեան