“Արմէնփրէս”._Հունկարիոյ կառավարութեան միջնորդութեամբ 5 հայ ռազմագերիներ վերադարձան հայրենիք: Այս մասին յայտնած է Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան: Հայաստան վերադարձած ռազմագերիներն են` Սարգիս Աբրահամեան, Արման Խաչատրեան, Վահէ Աղաջանեան, Սուրէն Խաչատրեան, Արամ Աւետեան: