Ակնբախ հակադրութիւն մը կայ անկախութեան հռչակման թուականին համահայկական ցնծութեան եւ երեսուն տարի յետոյ ներազգային պառակտումի եւ շփոթի ընդհանուր մթնոլորտին միջեւ: Երեսուն տարիներու բացը իրարմէ կը բաժնէ 21 Սեպտեմբեր 1991-ի համազգային խանդավառութեան այն պահը, երբ ժողովրդային հանրաքուէն ջախջախիչ մեծամասնութեամբ հաստատեց անկախութեան «Այո»ն, եւ  21 Սեպտեմբեր 2021-ն ու անոր յաջորդած ամիսներուն իրականութիւնը:
Հայ Ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ պիտի մնայ անկախութեան երեսնամեակի նախօրեակին հայրենի քաղաքական-հասարակական բեմահարթակի պարզած պատկերը: Մէկ կողմէ պարտեալ իշխանութիւն մը, որ «գունագեղ»աբար տօնեց անկախութեան երեսնամեակը եւ պարտութեան գլխաւոր պատասխանատու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթով ճիգ ըրաւ համոզելու, որ պարտութիւնը կրնայ «յաղթանակ»ի վերածուիլ ի դէմս «տարածաշրջանային խաղաղ զարգացման դարաշրջան»ի գալստեան: Միւս կողմէ, անոնք որոնք հարցականի տակ առին «տօնակատարութեան» պատշաճութիւնը, եթէ ոչ իմաստն իսկ, ու վարչապետի խօսքերուն մէջ տեսան 9 Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմանի նուաստացուցիչ համաձայնագիրին յոռեգոյն տարբերակով հաստատագրումը. հրաժարում Արցախի հանդէպ ամէն յանձնառութենէ, յաւելեալ հողատուութիւն Ատրպէյճանի եւ երկրի պարզ ու մէկին կլանման ընթացքը համաթրքական ամրագրուած աշխարհաքաղաքական տարածաշրջանի մը մէջ: Երեսունամեակի տօնախմբութեան նախօրէին, ընկերային ցանցերուն վրայ տարածուած դաժան պատկերը երիտասարդ աղջկայ մը, որ ձեռքը բռնած պաստառով գիշերային միջոցառման նախապատրաստուող իր համաքաղաքացիներուն, այլեւ համայն հայութեա՛ն, դաժանօրէն կը յիշեցնէր, որ իր եղբայրը տակաւին Պաքու է, բարացուցական է Օրուան մթնոլորտին:
Ի բացառութիւն Խորհրդային Միութեան պատմական փորձառութեան գաղափարականօրէն յանձնառու եւ անոր սնանկացման, ձախողութեան ու փլուզման իրողութիւնը ընդունելու, անոր հետ հաշտուելու անկարող փոքր հատուածի մը, Սփիւռքի համայնքները 1991-ին ողջունեցին անկախութիւնը: Այն ժամանակ Սփիւռքի մէջ սակաւաթիւ էին Խորհրդային Հայաստանի քաղաքացիութիւն ունեցողները: Սակայն գերիշխան պետութեան իրականութիւնը, գոնէ այդ պահուն, հայելի պատկերն էր Ցեղասպանութեան վերապրածներուն յաջորդած երկու թէ երեք սերունդներու իտէալին մէջ ամրագրուած ապագայի հաւատքին: Սփիւռքը, հետեւաբար, այսինքն՝ տարբեր երկիրներու քաղաքացիներ, որոնք իրենք իրենց կը սահմանէին որպէս հայ, անկախ պետականութիւնը ընկալեց որպէս ի՛րը: Եւ ոչ միայն խօսքով: Նաեւ գործնական յանձնառութեամբ, որուն կենսական կարեւորութիւնը՝ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ իր առաջին քայլերը տուող նախկին խորհրդային հանրապետութեան մը համար մինչեւ այսօր ալ հազիւ կը ճանչցուի/կ’արժեւորուի հայրենի քաղաքական խաւին թէ հասարակութեան, եւ, զարմանալիօրէն, ոչ իսկ նոյնինքն Սփիւռքի կողմէ. քանի՞ տարի պիտի ուշանար Հայաստանի Հանրապետութիւնը տարբեր երկիրներու մէջ դեսպանատուներ բանալու, եթէ անկախութենէն անմիջապէս յետոյ իւրաքանչիւր կազմակերպուած համայնք նախանձախնդիր չըլլար այդ մէկը շուտափոյթ կերպով իրականացնելու: Եւ այս՝ անկախ անկէ, որ օրին Հայաստանի թիւ մէկ պետական ղեկավարի բերնէն ականջալուր կ’ըլլար իր հասցէին ուղղուած վիրաւորանքներուն՝ «նարինջ ուտողներ», «օտարահպատակ», եւ իրեն կը մերժուէր քաղաքացիութեան իրաւունքը:
Սփիւռքի այդ յանձնառութիւնը անցնող երեսուն տարիներուն չփոխուեցաւ երբեք: Քառասունչորսօրեայ պատերազմի աշխարհով մէկ համահայկական ինքնաբուխ զօրաշարժը անոր վերջին փաստն է: 9 Նոյեմբեր 2020-ին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ստորագրած եռակողմանի նուաստացուցիչ յայտարարութեան յաջորդած տարուան ընթացքին սակայն, պարտութեան հոգեբանական հարուածի շոքին (ցնցումին) դեռեւս ենթակայ Սփիւռքը կը դժուարանայ դուրս գալ իր եթէ ոչ անդամալոյծ գոնէ շփոթ, ընելիքը չգիտցողի կացութենէն, ուր եւ այնպէս ալ յստակ չէ թէ ինչպէ՛ս պիտի կարենայ ընկալել անկախութեան իմաստը: Նախ որովհետեւ ապշած եւ անկարող ոչինչ ընելու կը հետեւի հայրենիքի մէջ իրադարձութիւններուն՝ Ատրպէյճանական զօրքի ներթափանցում Հայաստանի սահմաններէն ներս, գոյութենական սպառնալիքի շարունակում, հայապատկան հողամասերու ատրպէյճանականացում Վարչապետի բերնէն հնչած անոնց թրքական անուանակոչումներով, որոնք կը հիմնաւորուին Խորհրդային Միութեան օրերէն մնացած չես գիտեր ինչ քարտէզներով, Ճի. Փի. Էս.-ի վկայակոչութեամբ թէ յանուն «տարածաշրջանային խաղաղութեան» անուրջին, եւ Ազգային Ժողովի մէջ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն յաճախ ֆիզիքական բախումի ամօթ, որոնք կը յուշեն ոչ միայն քաղաքական ճգնաժամի շարունակման ու խորացման, այլ թերեւս մինչեւ իսկ քաղաքական թերզարգացման մասին: Բայց նաեւ՝ որովհետեւ անցնող երեսուն տարիներուն Սփիւռքը հազիւ անդրադարձաւ, թէ որքան անկարող է ինքնուրոյն մտածելու իր հաւաքական ինքնութեան ու ճակատագրի մասին, առանց այն պայմանաւորելու հայրենիքի հետ իր յարաբերութիւններով: Պարզ՝ Սփիւռքը հայրենիքի հետ իր յարաբերութիւններուն մասին ինքնուրոյն մտածելու վարժութիւն չստեղծեց:
Երեսուն տարի առաջ, 21 Սեպտեմբերին, Հայաստանը, հայրենի ժողովուրդն ու Սփիւռքը անկախութիւնը կը դիմագրաւէին Խորհրդային Միութեան փլուզման այլեւս շատ յստակ ու անշրջելի գործընթացի աշխարհաքաղաքականօրէն վտանգաւոր անորոշութեամբ յատկանշուած պայմաններու մէջ: Քսաներորդ դարու սկիզբի ժամանակաշրջանի մասնագէտ պատմաբաններ, որոնք 1918-20-ի Հայաստանի Հանրապետութեան ծնունդը, զարգացումն ու խորհրդայնացումով անկախութեան կորուստը ուսումնասիրած էին, քաղաքագէտներ եւ միջազգային յարաբերութիւններու վերլուծաբաններ չէին ծածկեր իրենց մտահոգութիւնը՝ կովկասեան տարածաշրջանի մէջ իրադարձութիւններուն զարգացման ժխտական հետեւանքներուն մասին: Համաշխարհային ուժերու հաւասարակշռութիւնը խախտած էր, եւ այդ մէկը Հայաստանի ու հայութեան համար վտանգաւոր կացութիւն կրնար ստեղծել: Արցախեան առաջին պատերազմը արդէն ծայր առած էր եւ Կովկասի մէջ խորհրդային զինուժի մնացորդացով Ատրպէյճան շատ աւելի նպաստաւոր դիրքերու վրայ կը գտնուէր:
Բայց 1988-ին ծայր առած Արցախի ազատագրութեան գործընթացը, հակառակ աղէտալի երկրաշարժին, երկու կարեւոր հաւաքական գիտակցութիւն ամրագրած էր: Առաջինը համահայկական միասնականութեան հրամայականն էր, իսկ երկրորդը՝ Արցախի ազատագրութեան աշխարհաքաղաքական կենսական պահանջն էր Հայաստանի եւ հայութեան ոչ միայն վերապրումի այլեւ լինելութեան համար: Դժուար է նիւթական իմաստով քանականացնել այս երկու գործօններու պատճառականութիւնը Արցախեան առաջին պատերազմի յաղթական աւարտը հասկնալու համար: Անշուշտ առանց բացարձակացնելու զանոնք, ոչ ալ ժխտելու արտաքին այլ պատճառներու առկայութեան կարեւորութիւնը: Բայց իրողութիւն է, որ 1988-1994 տարիներու «անցած էտապ»ի, ինչպէս Հ. Տ. Հայկոյի  2008-ի երգը այնքան դիպուկ կը նկարագրէ, զոհողութիւն ընելու պատրաստ ամբողջ ժողովուրդ մը կար, որ ինքնավստահութեամբ կը նայէր իր ապագային:
2021 Սեպտեմբերին, անկախութեան երեսունամեակը յիշատակուեցաւ քառասունչորս օրերու մէջ այդ վեց տարիներու յաղթանակներու 70 տոկոսին կորուստով: Եւ այս կը վերաբերի միայն Արցախի հայապատկան հողերու յանձնումին: Անկարելի է քանականացնել պատերազմին ինկած զոհերուն, հաշմանդամներուն եւ տակաւին գերի մնացածներու աղէտը: Տակաւի՛ն, պարտութիւնը փոխանակ ներազգային պառակտումները գերազանցելու զգաստութեան հրաւէր մը ըլլալու առաւելի խորացուց զանոնք: Փոխանակ սփիւռքեան զօրաշարժի պահը պատերազմէն յետոյ համայնքներու ներգրաւման եւ հայրենիքի վերականգնման գործին ներգրաւելու պատեհ առիթ համարելու, առաւելի բացայայտ դարձուց գործող իշխանութիւններու անտարբերութիւնը նման հայեցակարգի առաջացման հանդէպ: Ոչ ալ արտախորհրդարանական ընդդիմութիւնը յաջողեցաւ համազգային համախմբումի նոր հանգրուանի մը սկիզբ տալ:
Արդիւնքով՝ նախապատերազմեան օրերու Թաւշեայ Հայաստանի մէջ նուիրականացած քաղաքական բեւեռացումը տեղափոխուեցաւ յետպատերազմեան ոլորտ, ուր եւ, կանխատեսելիօրէն, խորացաւ այնքան որ իշխանութիւններու եւ ընդդիմութեան միջեւ երկխօսութեան, կամ առնուազն փոխհասկացողութեան, ամէն կամուրջ այլեւս այրած է կարծես: Անկախութեան օրուան նախորդած պատկերը խօսուն է. «գունագեղ» տօնակատարութեան համար նախապատրաստուող փողոցին մէջ պարտութիւնը «նորմալացնելու» հետ անհաշտ քաղաքացիներու բողոքի ցոյցեր, յիշեցումներ, որ գերի զինուորներ կան տակաւին, որ թշնամին սահմանին է, որ անհամատեղելի «տօնակատարութիւնը» իրենց ցաւին ու յուսահատութեան հետ: Առանց տակաւին նշելու սահմանին իրենց ճամբայէն շեղող քաղաքացիներու ձերբակալումը ատրպէյճանական ուժերու կողմէ, Արցախցի պատանիներու վարկաբեկումը ատրպէյճանական անցարգելին, հանրային փոխադրակառքերու վրայէն Արցախի դրօշին ու Եռագոյնին անարգումը… անկախութեան հռչակումը համազգային համախմբման ու ապագային ինքնավստահ նայելու ցնծութեան պահ էր: Անկախութեան երեսունամեակին ներազգային պառակտումը բացայայտ է եւ պարտութեան թրաուման կը համենայ:
Քառասունչորսօրեայ պատերազմի նուաստացուցիչ պարտութիւնը կը բացատրէ թէ ինչո՛ւ 21 Սեպտեմբեր 1991-ը եւ 21 Սեպտեմբեր 2021-ը տրամագծօրէն իրարու հակադիր համազգային մթնոլորտներ առաջացուցած են: Բայց այդ առաջին բացատրութիւն մըն է միայն, սառցակոյտին գագաթը: Եթէ պարտութեան իշխանութիւնը օրին այնքան ազնիւ ըլլար, ունենար նուազագոյն արժանապատուութիւնը հրաժարելու, առաջացնելու պատերազմի արդիւնքին հետաքննութեան յանձնաժողով, այն ատեն թերեւս առաջնային գաղափար մը ունենայինք թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս արցախեան առաջին պատերազմի յաղթանակին քաղաքական դրամագլուխը մսխուեցաւ յաջորդ տարիներուն:
Այնքան, որ Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը կրցաւ ինքզինք ծախել որպէս Սթարթ Ափ մը, որ կը խոստանար շատ արագ հարստացում, մինչ իրականութեան մէջ կ’արագացնէր երկրի քաղաքական սնանկացումը: Յար եւ նման ֆինանսական սպեկուլացիայի (շահադիտութեան) մէջ մասնագիտացած այն Հէյճ Ֆոնտերուն, որոնց հետ ցնծութիւնը կը նմանի Թիթանիք նաւուն վրայ տօնակատարութեան: Օրինակները դիտումնաւոր կերպով ազատշուկայականութեան պատկերաւորումներով կը տրուին, որովհետեւ անկախութեան երեսուն տարիներուն, Արցախեան առաջին պատերազմի յաղթանակէն թէ քառասունչորսօրեայ պատերազմի նուաստացուցիչ պարտութենէն յետոյ, Հայաստանի տնտեսական համակարգը կը մնայ գերի միեւնոյն նէոլիպերալ տրամաբանութեան, անցեալի օլիկարխային դիմակաւորումով ներկայանայ այն, թէ ներկայի «կոմունիկացիոն» ճամբաներու բացումի ինքնախաբէութեամբ:
Պարտեալ իշխանութեան Թաւշեայ շրջանակն ու իրենց մօտիկ թէ հեռու արբանեակները ո՛չ հրաժարեցան, ոչ ալ հետաքննիչ յանձնաժողովի ուղղութեամբ քայլ առին: Շատ հաւանաբար, որովհետեւ այլեւս քալելու տեղ չէր մնացած իրենց համար… Իշխանութեան կառչիլը միակ երաշխիքն էր «պատասխանատու, բայց ոչ մեղաւոր» պատումի օրինականացման եւ, հետեւաբար, իրենց գրաւած դիրքի եւ անոր հետ իրենց ընկերատնտեսական կենսամակարդակի բարելաւման լծակներու պահպանման: Հրապարակ եկան նոր Սթարթ Ափով մը՝ «ապագայ կա՛յ»: Թէկուզ եւ անորոշ ապագայ: Այնքան, որ այդ բացառիկ հաւաքական որոշումին՝ անկախութեան հասկացողութիւնն ինքնին վերածուի լոկ սպեկուլացիայի… Դաժան իրականութիւն է, սակայն, եւ պիտի ընդունիլ այն, որ 20 Յունիս  2021-ի ընտրութիւններով իրենք իրենց օրինականացուցին: Անկախ անկէ, որ այդ «օրինականացման» գործընթացին չմասնակցեցաւ ընտրողներու յիսուն տոկոսը, իսկ մնացած յիսուն տոկոսին երկու տարբեր ցանկերով ընտրութեան իջած արտախորհրդարանական մեծամասնութիւնը չյաջողեցաւ համոզել, որ իրեն տան այնքան ձայն, որ առնուազն թոյլ չտայ իշխող ուժին ժողովրդավարութեան աւաղաղման ճամբով, խորհրդարանական բացարձակ մեծամասնութեան բռնատիրութեամբ, ժողովրդային մանդատը (հովանաւորութիւնը) չնոյնացնեն հայրենիքի եւ ազգի ճակատագիրը իրենց ուզածին պէս որոշելու ճերմակ քարտի հետ…
Պարտութեան յաջորդած տարուան ընթացքին Հայաստան չքացաւ միջազգային յարաբերութիւններէն, միջազգային հանրային կարծիքի ուշադրութենէն, եւ այս ալ ակնբախ հակասութիւն է 1991-ի հետ: Այն ժամանակ, եւ 1988-էն սկսեալ, հսկայ Խորհրդային Միութեան ամենափոքր հանրապետութիւնը, ամենածայրամասայինը, ամէնէն անկարեւորը Մոսկուայի ռազմագէտներուն համար, նախ Ղարաբաղեան Շարժումով, ապա աղէտալի երկրաշարժէն յետոյ Սփիւռքի համահայկական զօրաշարժով աշխարհի ուշադրութեան առարկան էր: «Աշխարհը ոտքի կանգնեցաւ քեզ համար, Հայաստա՛ն», հնչեց Ազնաւուրի երգը, որուն բառերը, «Հայաստան»-ը, կը կրկնէին այնքան հռչակաւոր երգիչ արուեստագէտներ: 2021-ին, Քառասունչորսօրեայ Պատերազմը այլեւս քննարկման առարկայ չէր ոչ իսկ մասնագիտացած պարբերաթերթերու մէջ: Պատերազմէն մնաց միայն թրքական Պայրաքտարի երեւոյթը… Հայաստանի այս «անհետացումը» միջազգային հանրութեան ուշադրութենէն ըստ երեւոյթին այնքան ալ չնեղացուց իշխանութիւններուն: Ի բացառեալ ՀՀ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանի միջազգային աշխուժացումէն, իշխանութիւնները ոչ մէկ ճիգ ըրին ընթացք տալու դիւանագիտական լայնամասշտապ արշաւի մը, որուն հիմնական միտք ի բանին պիտի ըլլար՝ համաշխարհային համավարակի պայմաններու մէջ Ատրպէյճան լայնածաւալ յարձակում նախաձեռնեց, իր բոլոր հետեւանքներով: Մտածուած, հաշուարկուած անակտիւութի՞ւն (անաշխուժութի՞ւն), թէ պետական քաղաքականութեան ապիկարութեան հերթական փաստ: Այս հարցումին պատասխանը երբեք պիտի չիմանանք, գոնէ այնքան ատեն, որ պարտութեան գլխաւոր պատասխանատու քաղաքական ուժը մնայ իշխանութեան վրայ:
Հայ քաղաքական մտածողութեան մէջ արմատացած է Հայաստանի Արեւելքի եւ Արեւմուտքի հանդիպման վայրի պատկերը, որով եւ կ’արժեւորուի անոր աշխարհաքաղաքական դիրքը: Նման պատկեր թերեւս աւելի համոզիչ ըլլայ Սեւրի Դաշնագրով հայկական անկախ պետականութեան մը պարագային: Կովկասի ծայրամասին 30 հազար քառակուսի քիլոմեթր հողատարածքը չի կրնար նման հաւակնութիւն ունենալ, որովհետեւ իր երկու դրացիները, առանց տակաւին նշելու Թուրքիան, նման տեսակէտ շատ աւելի համոզիչ ու շահագրգիռ ձեւով առաջ կը քաշեն: Արցախի առաջին պատերազմը, սակայն, եկաւ ցոյց տալու, որ Հայաստանը աշխարհաքաղաքականօրէն հետաքրքրութիւն, այո՛, կը ներկայացնէ միայն փանթրքական ծրագրին համար ի դէմս Զանգեզուրին եւ Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ ուղղակի կապի կարելիութեան: Այդ մէկը հայ քաղաքական մտածողութեան համար երկու կարծիքի տեղի չի կրնար տալ. փանթրքական ծրագրի իրականացումը Ցեղասպանութեան նպատակի իրագործումն է եւ Հայաստանի ու հայութեան լինելութեան աւարտը իր ամբողջական իմաստազրկումով: Ասոր լիովին համոզուած էին Արցախի ազատագրական պատերազմի ղեկավար դէմքերը, այդ գիտակցութիւնը կ’արտայայտուի իրենց բոլոր պատգամներուն մէջ: Արցախի ազատագրումը հարուած եղած էր փանթրքականութեան երկար ու համբերատար սպասումին այն պատեհ առիթին, որ պիտի իրականանար ծրագիրը: Արցախի հարցով անկախ Հայաստանի իրերայաջորդ իշխանութիւններուն մեծ սխալը գրաւը դնելու յաւերժական սթաթուս քուօ-ի վրայ, եւ երբեք կացութիւն ստեղծող քայլ մը չտալու առանձին քննարկման նիւթ է: Այդ մասին, լուրջ թէ շնականօրէն, հայրենի քաղաքական ղեկավարութեան յիշեցուց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը պատերազմի օրերուն իր մամլոյ ասուլիսներէն մէկուն ընթացքին: Բայց նաեւ իրողութիւն է, որ Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը, կամայ թէ ակամայ, հայ քաղաքական մտածողութենէն հեռացուց Արցախի առաջին պատերազմով եւ յաղթանակով հաստատագրուած աշխարհաքաղաքական այդ ճշմարտութիւնը:
Փանթրքական ծաւալապաշտութեան դէմ Հայաստանին համար անշրջանցելի էր, եւ կը մնայ, ռուսական գործօնը, Ռուսիոյ հետ ռազմավարական դաշինքը: Հայ դիւանագիտութեան ամենամեծ մարտահրաւէրը անցնող երեսուն տարիներուն թերեւս Մոսկուայի աչքին այդ դաշինքը արժեւորել էր, քաջ գիտնալով, որ Ռուսիոյ մեծապետական վերաբերմունքը միշտ ալ պիտի ձգտի այդ դաշինքը բնութագրել Հայաստանի իրմէ կախուածութեան կտրուածքով: Առաւել, ինքնախաբէութիւն է ենթադրել, որ փանթրքական սպառնալիքը Ռուսիոյ կողմէ կ’ընկալուի այնպէս ինչպէս Հայաստանի: Փաստօրէն, հարիւր տարուայ տարբերութեամբ, 1920-ին եւ 2020-ին, գաղափարախօսականօրէն հակադիր դիրքերու վրայ իշխանութիւններու օրօք, Ռուսիոյ օրուայ ղեկավարութիւնը Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութիւնները արժեւորած է միայն իր ծրագիրներու շահագրգռութեան, եւ ոչ անպայմանօրէն փանթրքական սպառնալիքի, տեսանկիւնէն: Պոլշեւիկեան շնական յայտարարութիւնը ըստ որուն պատրաստ է հայ ժողովուրդն ու Հայաստանը զոհել միջազգային յեղափոխութեան ոչ այնքան բացայայտօրէն այնուամենայնիւ շատ տեսանելի կերպով երեւան ելաւ Քառասունչորսօրեայ Պատերազմին: Թէեւ այս անգամ պրոլետարիական համաշխարհային յեղափոխութեան ոչ մէկ զառանցանք կար, այլ՝ ռուսական մեծ կապիտալի եւ Քրեմնլի աշխարհառազմավարական շահերու յստակ նկատառում: Զոհն ալ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը չէր, այլ՝ Արցախը: Գոնէ առայժմ:
Պատերազմի եւ պարտութեան հետեւանքով Հայաստանի կախուածութիւնը Ռուսիայէն գրեթէ բացարձակ է: Այնպէս ինչպէս բացարձակ է իրենք իրենց «ժողովրդավար յեղափոխութիւն»ներու հայելիին մէջ տեսած Թաւշեայ իշխանութիւններու շարունակականութեան կախուածութիւնը Ռուսիայէն: Եւ թերեւս այս կախուածութեան գիտակցումն է պատճառը, որ Հայաստանի ներքաղաքական ոլորտի խիստ բեւեռացման պայմաններու մէջ իշխանութիւնն ու ընդդիմութիւնը իրարու հետ կը մրցակցին Ռուսիոյ շնորհակալութիւն յայտնելու, Ռուսիոյ դերը բարձր գնահատելու եւ Նախագահ Փութինին յաւերժական երախտագիտութիւն յայտնող ելոյթներով: Ինչ կը վերաբերի բացայայտօրէն Ռուսիոյ ընդդիմացող հատուածներուն, որոնք ամենէն աւելի տեսանելի են Ազգային Ժողովրդական Բեւեռի մէջ համախմբուած քաղաքական ուժերուն եւ դէմքերուն ընդմէջէն, ապա եւ այնպէս ալ յստակ չէ թէ որքանով իրենց համոզումները վաւերական են, որքանով իրապաշտ եւ որքանով հիմնականին մէջ ներհայկական սպառման ուղղուած:
Պատերազմի յաջորդած տարին չբերաւ վերականգնումի կամ գէթ պարտութեան վնասուց վերահսկողութեան յոյս: Մինչ Արցախի ճակատագիրը, Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը եւ կովկասեան տարածաշրջանի մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւնը կ’որոշուին հայկական կողմի շատ երկրորդական մասնակցութեամբ, ներազգային ոլորտին մէջ կը բացակայի նուազագոյն համախոհութիւնը տագնապի միասնական դիմագրաւման համար:
Իշխանութիւններու «տարածաշրջանային խաղաղ զարգացման դարաշրջան»-ի ընթացք տալու նախանձախնդրութիւնը կը միտի պարտութեան համակերպումը բնականոնացնել: Այլընտրանքը դիմադրութիւնն է, որուն նախաձեռնութեան դիմեց ընդդիմութիւնը. յոյսի փոքր նշոյլ մը թերեւս եթէ միայն դիմադրութեան այլընտրանքը ժողովրդականանայ այնքան, որ իշխանութիւնները զգաստանան եւ գիտակցին, թէ որքա՛ն ազգակործան է իրենց միակողմանիութիւնը:
Խ. Տէր Ղուկասեան