2012-էն սկսեալ պահելով աւանդութիւնը, հովանաւորութեամբ եւ ձեռամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, Երեքշաբթի 4 Յունուար 2022-ի առաւօտուն, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս, Բերիոյ Հայոց Թեմի Նպաստից յանձնախումբին կողմէ, Հալէպի մէջ 2021-ի ծնունդ 45 նորածիններու ամանորի առիթով նուէրներ բաժնուեցան։
 
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը տեսակցելով նորածիններու ծնողներուն հետ, մանուկներու ջերմ ներկայութեամբ իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց եւ Նոր Տարուան ու Սուրբ Ծնունդի տօներուն առիթով արեւշատ եւ քաջառողջ տարիներ մաղթեց անոնց։
Այս առիթով, Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց հալէպահայ մանուկներուն նպաստող բարեսիրական կազմակերպութիւններուն եւ մեծապէս գնահատեց Նպաստից Յանձնախումբին տարած բարեսիրական ծառայութիւնը։