Հայաստանի Տնտեսութեան Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ միջնախարարական քննարկումներու հիման վրայ որոշում տրուած է չերկարաձգելու թրքական ապրանքներու ներմուծման արգելքը:
30 Դեկտեմբերին, Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ յիշուեցաւ, որ վերջին մէկ տարուան ընթացքին թրքական ապրանքներուն նկատմամբ դրուած արգելքը ունեցած է դրական եւ բացասական տնտեսական անդրադարձներ. «Դրական հետեւանքներէն են շարք մը նոր հիմնուած կամ ընդլայնուած արտադրութիւնները թեթեւ արդիւնաբերութեան, շինանիւթերու եւ կահոյքի արտադրութեան, ինչպէս նաեւ գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ, սակայն արգելքի հիմնական բացասական հետեւանքն է գնաճին վրայ էական ազդեցութիւնը, ինչ որ դրսեւորուած է յատկապէս լայն սպառման շարք մը ապրանքախումբերու վրայ»: