“Երկիր”._Թուրքիոյ մէջ Վրաստանի դեսպան Գէորգի Ջանջկաւան ըսած է, որ Վրաստան պիտի չմասնակցի «3+3» ձեւաչափով երկրորդ հանդիպումին, որ կը նախատեսուի Թուրքիոյ մէջ։ Այս մասին հաղորդած է Սապահ օրաթերթը։ «Անգարան բազմիցս կոչ ուղղած է ստեղծելու գործակցութեան նոր հարթակ, այսինքն «3+3», որ կը միաւորէ Թուրքիան, Ռուսիան, Իրանը, Ատրպէյճանը, Վրաստանն ու Հայաստանը։ Այս ձեւաչափով առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած է անցեալ տարուան Դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ, որուն ներկայ չէ եղած միայն Վրաստանը», յիշեցուցած է թերթը։ Անցնող շաբաթ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յոյս յայտնած էր, որ Վրաստան պիտի մասնակցի հարթակի երկրորդ հանդիպումին, որ նախատեսուած է Թուրքիոյ մէջ։ Թուրքիոյ մէջ Վրաստանի դեսպան Գէորգի Ջանջկաւան բացատրած է, որ Վրաստան Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը կը համարէ ռազմավարական գործընկերներ, իսկ Հայաստանը՝ պատմական ու բարի դրացի։ «Սակայն Ռուսիա երկիր մըն է, որ բռնագրաւած է Վրաստանի տարածքին 20 տոկոսը», ըսած է Ջանջկաւան։