Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանը, կազմակերպութեամբ «Արցախ» մասնաճիւղի վարչութեան, Կիրակի, 26 Դեկտեմբեր 2021- ի առաւօտեան ժամը 11։30- ինԿիւլպէնկեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի եւ Զատկուայ ցուցահանդէս-վաճառքը, ներկայութեամբ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն, ՍՕԽ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վրչ. ներկայացուցիչ Թամար Շահինեան – Յովհաննէսեանի, վարչութեան եւ յանձնախումբի անդամներուն։ Ցուցահանդէսը երկար աշխատանքի արդիւնք էր։ Ներկայացուած ուտեստեղենը խմիչքներն ու քաղցրաւենիները խաչուհիներու կողմէ պատրաստուած եւ մատչելի գիներով ներկայացուած էին։ Հոգեշնորհ Հայրսուրբը բարձր գնահատեց մասնաճիւղի աշխատանքը մաղթելով բարեբեր տարի բոլորին նկատի առնելով հայ կինը յատկապէս միշտ նշանաւոր է իր տաղանդով եւ բազմազան ձիռքերով որուն ահաւասիկ այս ցուցահանդէսը փաստն է ։ Կեցցէ՛ հայ կինը, կեցցէ՛ ՍՕԽ-ի բեղուն գործունէութիւնը։ Ցուցահանդէսը միօրեայ տեւողութեամբ յաջող եւ դրական անդրադարձ ունեցաւ նամանաւանդ տնտեսական այս դժուար պայմաններուն մէջ, որովհետեւ մատչելի եւ սովորականէն աւելի նուազ գիներով ծախուեցան ցուցադրուած իրերն ու ուտեստեղէնը։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն