Հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Եպս . Զօպուեանի, Կիրակի, 9 Յունուար 2022-ի առաւօտուն Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, ընկերակցութեամբ թաղականութեան ատենապետ տիար Վարդան Մուրատեանի, տիար Խաչիկ Գասպարեանի եւ Յակոբ Աւ. Սրկ. Պարսումեանի, մեկնեցաւ Հասիչէ հովուական այցելութեամբ յիշատակելու Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը։ Այնտեղ հայր սուրբը ջերմ ընդունելութեամբ դիմաւորուեցաւ տեղւոյն թաղականութեան կազմին եւ Արժանապատիւ Տ. Արշակ Աւ. Քհնյ. Ալաճաճեանի կողմէ։ Այնուհետեւ հոգեշնորհ հայր սուրբն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը թափօրով ուղղուեցան եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Հայր սուրբը նախքան իր քարոզը ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Հայրապետին կոնդակը, որուն մէջ յայտարարուած էր, 2022 տարին կը հռչակուի «Սփիւռքի Տարի»։ Հայր Սուրբը իր քարոզին մէջ յայտնեց իր անհուն ուրախութիւնը Հասիչէ Հայ Ժողովուրդին կողքին ըլլալուն համար։ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Մատաղօրհնէքը, որմէ ետք օրհնուած մատաղը բաշխուեցաւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին։ Յայտնենք, որ Մատաղի օրհնութեան մասնակցեցան Ասորի Քոյր Համայնքի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մորիս Եպս. Ամսիհը եւ քահանայ հայրերը, ինչպէս նաեւ հայ Կաթողիկէ Համայնքի հայր Կարապետ Քըլնճեանը։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն