Թրքական Gazeteduvar առցանց լրատուամիջոցը հաղորդած է, որ Փաքիստան չեղեալ համարած է Թուրքիոյ հետ 1,5 միլիառ տոլար արժողութեամբ՝ 30 թրքական T129 ATAK հարուածային ուղղաթիռներ գնելու գործարքը՝ նախագիծին ձգձգումներուն հետեւանքով։ Թրքական կողմին ձգձգումները պայմանաւորուած են ԱՄՆ-ի՝ ATAK շարժիչներու արտահանման լցարաններ տրամադրելու հրաժարումով։ 2021-ի սկիզբը Փաքիստան ընդառաջեց Թուրքիոյ պայմանագրի երկարաձգման առաջարկին, սակայն, ըստ երեւոյթին, լիցենզիոյ հետ առնչուած հարցը չէ լուծուած։ 2022-ի Յունուարին Փաքիստան յայտարարեց գործարքը չեղեալ համարելու իր որոշումը։ Թրքական ATAK-ներու փոխարէն Փաքիստան ձեռք պիտի բերէ չինական WZ-10-ներ։ Ըստ ամենայնի, սա ամերիկեան կողմին համար աւելի ձեռնտու է։ Haber 7-ը եւ շարք մը թրքական կայքեր, յղում կատարելով բանակի եւ Փաքիստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան աղբիւրներուն, գրած են, որ գործարքը չեղեալ չէ համարուած, այլ սառեցուած է մինչև շարժիչի լցարաններու հետ առնչուած հարցերու լուծումը։