Յանուն հացի՝ երկար շարքեր,
Լճացած դէմքեր,
Լուռ աղօթող սրտեր,
Թափուած արցունք,
Յանուն հացի առանց սիրոյ։
Յանուն խաղաղութեան՝ հրկիզում
Զոհաբերուած քաղաք
Խնկարկուած արիւն
Լուռ երկունք
Յանուն խաղաղութեան՝
Առանց Աստուծոյ։
Յանուն ազատութեան՝ բանտ,
Ճզմուած հոգիներ,
Այրած գրասեղաններ,
Փլած աղօթատուներ,
Յանուն ազատութեան՝
Առանց գաղափարի։
Յանուն Հացի, Խաղաղութեան, եւ Ազատութեան
Եղիցի խաւար
Եւ եղաւ քաոս…
Յուշիկ Ղազարեան