Հսկայ սրահին կեդրոնը, փայլփլուն գահին վրայ նստած մարդու կերպարանքը ցուցամատի շարժումով դէպի իր կողմ յառաջանալու հրաւէր-նշան ըրաւ:
Նայեցաւ շուրջը, սրահի լուսաւորումը ակնապիշ էր, կրակէ լեզուներ կը հոսէին հսկայ ջահերէն, կեդրոնը նստած տարօրինակ մարդուն կրած տարազին վրայի թանկագին քարերուն փայլքը աւելի ցայտուն դարձնելով: Մոգ էր արդեօ՞ք, թէ եպիսկոպոս:
Գիտնականը ակնոցը անցուց քթին աւելի յստակ զատորոշելու եւ մարդու կերպարանքին ինքնութիւնը իմանալու: Ան կը շարունակէր ցուցամատի շարժումով հրաւիրել, դէմքը կիսովին ծածկուած էր գլխարկով… անոր փայլփլուն տարազն ու իգական շարժումը այլասերածի տպաւորութիւն ձգեցին:
Այլասերած՝ ոչ տղամարդ, ոչ կին… վերջին տարիներուն ասոր նմանները պայքարած էին ու ստացած այնպիսի թոյլատրութիւններ, որոնք կը գերազանցեն կանանց, մանուկներու, կենդանիներու պաշտպանութեան իրաւունքները:
Գիտնականը նման պարագաներուն կը վերաբերէր դրական իրատեսական մօտեցումով…
– Անոնք ալ մարդ են, իրենց ուզած ձեւով ապրելու իրաւունք ունին: Արտայայտուած էր «Մարդու իրաւունքներու» մասին կազմակերպուած հարցազրոյցի մը ընթացքին:
Չէր հաճոյախօսեր կամ չափազանցեր, անկեղծ էր, երկրագունդի վրայ բնական երեւոյթներու կողքին կային նաեւ զարտուղիները (ծինային խախտում), կը կրէին զարտուղիութեան դրոշմը եւ անհերքելի ներկայութիւն էին, հազարաւոր տարիներու ընթացքին գոյատեւած: Հետաքրքրականը այն էր, որ նման զարտուղիներ երկար-երկար տարիներ կ’ապրէին շուքի նման, քօղարկելով իրենց զարտուղիութիւնը, հաւանաբար ամչնալով, մինչ ներկայիս չես գիտեր ինչպիսի հեղինակաւոր աղբիւրներէ աջակցութիւն եւ հովանաւորութիւն վայելելով դարձած էին իրաւատէր, պահանջատէր:
Գրող ընկերը, որ կտրականապէս կը մերժէր մարդու իրաւունքներու կազմակերպութեան միջամտութիւնը զարտուղիներու ի նպաստ, նեղսրտած դիմեց իրեն.
– Դո՞ւն ալ իրաւունք կու տաս, չե՞ս տեսներ որքան լկտի են, որքան պահանջկոտ կը դառնան, թող փակեն դռները ու ինչ կ’ուզեն ընեն իրենց որջերուն մէջ… տակաւին ամուսնութեան պահանջք, զաւակ որդեգրել… կրնա՞ս բացատրել ինչպէս պիտի դաստիարակուի անոնց որդեգրած զաւակը….:
Գիտնականը գլուխը օրօրեց, ծայրայեղութիւնները չէր սիրեր… Թէեւ վերջերս ակնյայտ էր, որ մարդասիրական կազմակերպութիւններ «իրաւունքներ»ու պիտակին տակ ծայրայեղականներ եւ այլանդակութիւններ պաշտպանելու ջանք չէին խնայեր:
Քայլ մը առաջ նետեց, այլասերածը կարծես ժպտաց, բերնին մէջ կարմիր բոց մը խաղաց, աչքերը չէին տեսնուեր, մութ ակնոց ունէր, կաս-կարմիր շրջանակով:
Ընկերը մասամբ իրաւունք ունէր, «ինչ տարօրինակութիւններ ըսես չեն ըներ այս այլասերածները, արտառոց մազի սանտրուածք, զարտուղի ակնոցներ, դիմաներկեր, մատանիներ, վզնոցներ..»։
– Բարի գալուստ մստըր սաէնթիստ,- այլասերածը զիլ ձայնով դիմեց գիտնականին:
Սրահին մէջ բացի գիտնականէն ուրիշ մարդ չկար, բայց ան գիտնականի իր հոտառութեամբ կը զգար, որ կարմիր գոյնի ներկուած պատերուն վրայ զետեղուած էին դիտող աչքեր:
– Բարե՛ւ, բարե՛ւ… կը ներէք ձեր անունը ծանօթ չէ,- քայլ մը եւս առաջ նետեց տատամսելով:
– Կարեւոր չէ՜, կարեւոր չէ՜,- պատասխանեց այլասերածը իգական ծեքծեքումով:
 Գիտնականը նկատեց անոր լայն թեզանիքէն դուրս սահած ձեռքը, անորոշ գոյնի կմախքի ոսկրուտ մատները զարդարուած մատանիներով:
– Նստեցէ՛ք, մստըր սաէնթիստ,- ան ցոյց տուաւ աթոռը:
– Շնորհակալ եմ,- ըսաւ գիտնականը տեղաւորուելով:
Կարելի չէր նստած տեղէն նկատել անոր դէմքը: Գիտնականը սպասեց լուռ, տարիներու իր փորձառութիւնը կը թելադրէր վերապահ ըլլալ, փոխարէնը դիտեց շրջապատը:
Սրահին լուսաւորումը մերթ-մերթ կը տկարանար յանկարծական փայլատակումով վերականգնուելով, այդ պահուն պատերուն վրայ անորոշ շուքեր կը խաղային ու սրահի անտեսանելի խորքէն մռնչիւններու արձագանգներ կը հասնէին ականջին:
Լռութեան պահը երկար թուեցաւ, գիտնականը մնաց իր անսասան դիրքին մէջ, սպասել… կը վախնա՞ր, ինչպէ՞ս հասած էր հոս, ոչինչ կը յիշէր:
Այլասերածը եւս անշարժ էր:
– Մստըր սաէնթիստ, անհեթեթ է:
Գիտնականը կը հասկնար, այս ոճը զինք անակնկալի բերելու հնարք էր:
– Ներեցէ՛ք, ինչի՞ մասին է ձեր խօսքը,- ըսաւ հանդարտ ու հաւասարակշռուած:
– Ձեր վերջին գիւտը, մստըր Սաէնթիստ,- անոր զիլ ձայնը «գիւտ»-ին վրայ շեշտաւորում դրաւ, մինչ դէմքը աստիճանաբար դարձաւ դէպի գիտնականը:
Գիտնականի մարմինէն սարսուռ անցաւ, այլասերածը հանած էր ակնոցը ու պատմուճանի գլխարկին մէջ գանկանման գլուխն էր, կարմիր բոցեր ցայտող անոր աչքերը յառած էին իր վրայ:
– Վերջին գիւտս ծառայութիւն մատուցող ռոպոթ մըն էր, մեքենամարդ, ձեր ակնարկը անոր մասի՞ն է,- այլասերածի տեսքէն զինք պարուրող շփոթը յաղթահարելով պատասխանեց գիտնականը:
– Ըհը.. ռոպոթ… իսկ դուք գիտէ՛ք ռոպոթին իմաստը,- ան գլուխը թեքեց, շուքի մէջ սուզուելով:
– Չեխերէն բառ է, կը նշանակէ պարտադիր աշխատող,- պարզաբանեց գիտնականը:
– Այսինքն ստրուկ… հա՞,- ծաղրական երանգ կար անոր ձայնին մէջ:
– Ստրուկ չէի ըսեր, այլ ծառայութիւն մատուցող,- հակաճառեց գիտնականը:
Վիճելու տրամադրութիւն չունէր, յարգելով հանդերձ այլոց կարծիքը ունէր իր անձնականը եւ չէր արտօներ, որ ընդդիմախօս մը ոտնահարէր իր կարծիքը:
– Լա՛ւ, լա՛ւ, մստըր սաէնթիստ,- այլասերածն ալ վիճելու տրամադրութիւն չունէր,- ես ուրիշ առաջարկ ունիմ:
Գիտնականը հարցական նայեցաւ, այլասերածը կը մնար շուքի անկիւնին մէջ, բայց գիտնականը կը զգար անոր շեշտակի նայուածքը. կը ջանար անտարբերութիւն պահել:
– Ռոպոթները կը փոխարինեն մարդիկը, այնպէս չէ՞ մստըր,- ձայնը սովորական երանգը վերագտած էր:
– Որոշ չափով, մանաւանդ անոնց ծառայութիւն կը մատուցեն,- կրկնեց իր համոզումը:
– Մտածելակերպ… հա՜, հա՜, հա՜,- այլասերածը յանկարծակի պոռթկաց հնչիւն քահքահով:
Գիտնականը ցնցուեցաւ, նկատեց դէպի իր կողմ ուղղուող այլասերածի դէմքը, ակռաները շարունակուող խնդուքի հետ աւելի ցցուն կը դառնային, աչքի խոռոչներէն կայծեր ցայտեցին:
– Ուրեմն լսէ՛ մստըր սաէնթիստ, ծառայութիւն մատուցելու ձեւը պէտք է լաւ հասկնաս, լա՜ւ հասկնաս… տխմար է այն գիտնականը, որ իր մտքի արգասիքէն չ’օգտուիր… հասկցա՞ր:
– Կը ներէք… ի՞նչ ըսել կ’ուզէք:
– Մտածէ՛ ռոպոթացման այլ ձեւի մասին:
– Ի՞նչ ձեւ:
– Մարդու ուղեղը…,- ոսկորացած ցուցամատը ան տարաւ գանկին,- պիտի փորձես ռոպոթացնել մարդու ուղեղը:
– Ինչո՞ւ համար, ես համոզուած եմ, որ գիտութիւնը պիտի ծառայէ մարդուն:
– Հա՜, հա՜, հա՜…,- ձայնը արձագանգեց:
Գիտնականը ուզեց մտաբերել, թէ ինչպէ՛ս հասած էր հոս ու ինչ միջոց կար խոյս տալու:
– Այդ մասին ոչ մէկ խօսք,- այլասերածը հրամայողական ցուցամատը ուղղեց դէպի իր կողմը:
Ուրեմն կը կարդար նաեւ իր միտքը:
– Այո՛, ճիշդ այդպէս, կը կարդամ մստըր սաէնթիստ… ահաւասիկ իմ թելադրանքը, գիտութիւնը պէտք է նուաճէ աշխարհը:
– Նուաճած է բոլոր մարզերը, նուաճած է,- գիտնականը փորձեց պարզաբանել,- արhեստական բեղմնաւորում, անցանկալի սեռը վիժեցնելու հնարաւորութիւն, միջուկային զէնքեր, ճառագայթային ոչնչացում, համացանց…
– Այդ բոլորը լաւ է, շատ լա՜ւ…
Այլասերածը գահին վրայ տարածուեցաւ: Գիտնականը շունչ մը քաշեց:
– Չէ՜… չեմ բաւարարուած, չկարծես որ համոզեցիր, ես թելադրեցի ծառայեցնել… իսկ հիմա կը հրամայեմ, դուն պիտի ձեռնարկես մարդոց ուղեղները գրաւել, ռոպոթի վերածել:
Գիտնականը գլուխը առաւ ձեռքերուն մէջ:
– Արդէն սկսար մտածել… չունի՞ս այդ հնարամտութիւնը, իսկ ես ունիմ… ես կ’օգնեմ, որ արժանանաս փառքի, գիւտդ աշխարհի մեծերը պիտի խլեն, հսկայական գումարներ պիտի առաջարկեն… երեւակայէ տիրել ուղեղներուն, մտածող մարդիկ պիտի չքանան… հա՜, հա՜… ինչպիսի գիւտ, ամենակարեւորը մարդիկ չմտածեն:
Այլասերածը շտկուեցաւ, գլուխը առաջ երկարեց:
– Շատեր կը ցանկան այս փառքին արժանանալ, բայց ես քեզ ընտրեցի, իմացի՛ր դուն ընտրեալ ես:
«Ընտրեա՞լ»… զնգաց բառը գիտնականի ականջին մէջ:
– Հը՞… պատասախանդ:
– Ո՛չ, պատասխանս բացարձակապէս ո՛չ է, մարդը իրաւունք ունի ազատ մտածելու, իսկ գիտութիւնը պիտի ծառայէ անոր բարեկեցութեան… ստրկացնելը ես կը մերժեմ:
– Լռէ՛, չհամարձակիս հակաճառել, ես նոր պատերազմներ կը բռնկեցնեմ, ժահրեր կը թափեմ աշխարհին վրայ,- սպառնաց ան:
– Մենք կը դիմանանք հաւատքով, կը պայքարինք յոյսով ու կը գոյատեւենք սիրով…
Հաւատացեալ չէր, նոյնիսկ աթէիստ կը համարուէր, բայց ուրկէ ուր յիշեց, տարիներ առաջ ընկերոջը պարտաւորող հրաւէրին ընդառաջելով ներկայ եղած էր անոր զաւակին մկրտութեան:
«Հաւատք, յոյս, սէր» խորհուրդը տպաւորած էր զինք, իսկ հիմա յանկարծ մտաբերեց ու տեղին տուաւ անմիջական պատասխանը:
– Լռէ՛.. լռէ՛… դուն յիմար ես, դուն տխմար ես,- այլասերածի ձայնը թնդաց:
Սրահը արձագանգեց, պայթիւն, որոտում, լոյսերը հանգեցան, խորքէն հառաչանքի, հեծկլտուքի ձայներ լսուեցան:
Գիտնականը մոռնալով կենցաղագիտութիւն, մարդու իրաւունքներ ու քաղաքակրթութիւն գոռաց:
– Ստրկացնելը կը մերժեմ, դուն ոչինչ կրնաս պարտադրել, այլասերա՛ծ ոճրագործ:
– Յիմա՛ր, դուն կը կարծես առանձնաշնորհեալ ըլլալ… հա՜, հա՜, հա՜, տասնեակ գիտնականներ կան, վե՛րջ… ես ուրիշ մը կը հրաւիրեմ…
Այլասերածը եւ գահը անհետացան:
Սրահը չկար, նկատեց իր տարրալուծարանի սարքերը, իր գրասենեակը, բազկաթոռին ընկողմանած քոստիւմով տղամարդ մը ոտքի ելաւ, ուղղեց փողկապը, քթին տակ թեթեւ ժպիտ մը, ձեռքով հրաժեշտի նշան ըրաւ ու դուրս եկաւ կամացուկ ծածկելով դուռը: Անոր դէմքը ծանօթ թուեցաւ, փորձեց յիշել… այո՛ երկրի նշանաւոր դէմքն էր, յիշողութիւնը չէր դաւաճաներ:
Մշուշը տարածուեցաւ: Ինքզինք շատ յոգնած զգաց, թարթեց աչքերը:
Դիմացը՝ սեղանին վրայ մեքենամարդն էր, մարդ արարածի տեսքով, բայց սառած նայուածքով, զմռսուած մոմիայի նման:
Գիւտը բարեփոխելու մասին նախագիծ կը պատրաստէր, կը խորհրդածէր, մտքին մէջ փայլատակող նորարարութիւնները հանգիստ չէին տար:
«Պիտի զննես ներսդ ու այլ կերպ խորհրդածես… այլասերածը թելադրեց… ռոպոթը պիտի կատարելագործեմ, անոր ուղեղին մէջ պիտի զետեղեմ բնորոշ գիտելիքներ իւրաքանչիւր ծառայողական բնագաւառին յարմարուելու»:
Հեռուէն կը լսուէին ամբոխին կանչերը: Պատերազմի ահով տատանող երկիրը խառն վիճակի մէջ էր, ցոյցեր, հանրահաւաքներ, սեւ ու սպիտակ, կոչեր, ճառեր, քայլերթներ, մաս մը դէպի հիւսիս, միւսը՝ արեւմուտք…
«Մարդը կարողութիւն ունի իր շրջապատի ամբոխը գրաւել, սերտելով անոր տկար կէտերը, խոստանալով, խրախուսելով, յուսադրելով…» Այլասերածի քրքիջով դուրս տուած խօսքերն էին:
«Գիտնականի միտքը անել պարագաներուն պիտի մտածէ իր երկրի բարօրութեան մասին» շշնջած ձայն մը ականջին մէջ:
Հեռատեսիլին կոճակը սեղմեց, քոստիւմով տղամարդը կեդրոնը բեմին վրայ էր, շրջապատուած թիկնապահներով, ան ցուցամատը ուղղեց դէպի իր կողմը.
– Այդ դո՞ւն ես, դո՞ւն ես, դո՞ւն ես,- գոչեց ճղճղան ձայնով:
Գիտնականը ցնցուեցաւ ու յիշեց այլասերածին զգուշացումը:
«Ես երկրի վրայ նոր պատերազմներ կը բռնկեցնեմ»:
Մեքենամարդը սառած հայեացքով պատրաստակամ կը սպասէր, տխուր ժպիտ մը գծագրուեցաւ անոր դէմքին վրայ թէ՞ իրեն թուեցաւ: Մէկ ոստումով խլեց զայն ու փակեց պահարանին մէջ:
«Հո՜ւ… հո՜ւ…»։
Ամբոխի ծափերն ու գոռում-գոչումները կը մօտենային, ափերով սեղմեց գլուխը, փակեց ականջները: Հազարաւոր զոհեր, կոտորուած մատղաշ սերունդ, գերիներ… իսկ այս մարդիկ կը հասկնայի՞ն, թէ ինչու ծափ կու տային:
Որքա՜ն կը ցանկար, որ ամբոխը մտածող մարդ դառնար, ո՛չ հետեւող, անոնց առաջնորդ արժանաւոր, իսկ ամենակարեւորը երկրի վրայ տիրէր մաքրութիւն:
Մատները սեղմեցին գրասեղանին վրայ զետեղուած հեռաղեկին կոճակը:
«Աշխարհին, այո՛, մաքրութիւն է պէտք»։
Բանաստեղծութեան բառերը հնչեցին պահարանէն, մեքենամարդն էր խօսողը, անոր ուղեղին մէջ զետեղուած գիտելիքները կոճակի սեղմումով իրենց աշխատանքը կը կատարէին:
Գիւտը յաջողութեամբ պսակուած էր:
«Ժամանակն է լռելեան պատրաստուիլ, գիտելիքները ծառայեցնել երկրի բարօրութեան, պաշտպանութեան», մտածեց գիտնականը եւ մեքենամարդը պահարանէն դուրս հանեց:
«Տո՛ւր ինծի իմաստութիւն զբարիս խորհիլ եւ խօսիլ եւ գործել առաջի քո, յամենայն ժամ»:
Պերճուհի Աւետեան