Օսմանեան Կայսրութեան մէջ հայկական մարզական ու մարմնակրթական ակումբներու թէ միութիւններու հիմնադրութեան եւ զարգացման պատմութիւնը սկիզբ կ’առնէ 19-րդ դարու վերջաւորութեան, երբ կը կազմաւորուին մարմնամարզական առաջին խմբակները, իսկ հայկական վարժարաններու կրթածրագիրներուն մէջ կը ներմուծուին մարմնամարզութեան դասեր: Հակառակ քրիստոնեայ հպատակներու դէմ կիրառուող խտրական վերաբերմունքին եւ բռնութիւններուն, կայսրութեան մէջ մարմնակրթական շարժման զարգացումը առաջին հերթին արդիւնք էր հայ եւ յոյն ազգաբնակչութեանց շրջանակներէն ներս ծայր առած արդիականացման գործընթացներուն եւ թելադրուած՝ ներհամայնքային պահանջներէ:
Առաջին հայկական մարզական ակումբները ստեղծուեցան Պոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ մէջ, 20-րդ դարասկիզբին: Նոյն ընթացքին ասպարէզ մուտք գործեցին մասնագիտական բարձր կրթութեան տիրացած շարք մը մարզիկներ, ինչպէս՝ Շաւարշ Քրիսեան, Վահան Չերազ, Գրիգոր Յակոբեան, Մկրտիչ Մկրեան, Վահրամ Փափազեան եւ այլք, որոնք նշանակալից դերակատարութիւն ու ներդրում ունեցան օսմանահպատակ հայութեան մարզական կեանքի աշխուժացման եւ զարգացման գործունէութեանց մէջ: Կայսրութեան մարզական տարեգրութեան մէջ մասնաւոր յիշատակութեան արժանի հպարտառիթ եւ առանձնայատուկ իրադարձութիւն էր մանաւանդ՝ 1912-ին, Սթոքհոլմի հինգերորդ միջազգային ողիմպիական խաղերուն երկու հայ մարզիկներու՝ Վահրամ Փափազեանի եւ Մկրտիչ Մկրեանի մասնակցութիւնը:
Հայ նշանաւոր մարզիկ եւ մարզագէտ Շաւարշ Քրիսեանի հսկայական ջանքերով Օսմանեան Կայսրութեան անդրանիկ մարզական պարբերականի՝ «Մարմնամարզ»ի հրատարակումը (1911-1914), լրացուցիչ ազդակ հանդիսացաւ կայսրութեան սահմաններէն ներս թէ անկէ դուրս բնակող հայ երիտասարդութեան մօտ մարզանքի եւ մարմնակրթութեան հանդէպ հետաքրքրութիւնը սրելու, բազմապատկելու առումով:
Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին մեկնարկած եւ ծաւալած հայկական մարմնամարզի պատմութիւնը անգամ մը եւս կը վկայէ այդ կայսրութեան կեանքին մէջ մեր ժողովուրդի ունեցած դրական եւ առաջատար դերակատարութեան մասին: Դժբախտաբար, սակայն, մեր ազգային զարգացումը, յառաջդիմութիւնն ու արդիական արժէքներ որդեգրելու միտումը, ընդունակութիւնը զգալի կերպով ու որոշակիօրէն յայտնաբերեցին նախանձի, ատելութեան եւ անհանդուրժողութեան տակաւ շեշտուող եւ սաստկացող դրսեւորումներ:
Թուրք հասարակութիւնն, ու յատկապէս՝ երիտթուրք իշխանաւորներու վերնախաւը իրենց թշնամական մոլուցքին մէջ որոշեցին վերջնականօրէն խափանել եւ արգելակել հայոց ազգային յառաջընթացը, մինչեւ անգամ չվարանեցան վերջ տալու մեր պարտաճանաչ, օրինապահ, ջանասէր եւ անմեղ ժողովուրդի գոյութեան՝ անոր նկատմամբ անմարդկային, ահաւոր եւ քստմնելի սպանդ կազմակերպել, ապա այդ արիւնալի ծրագիրը ամենայն սառնասրտութեամբ, վայրագութեամբ ու բարբարոսութեամբ գործադրելով:
Բազմազգ պետութիւններու մէջ, մարմնամարզը՝ ազգային եւ հասարակական այլ բնագաւառներու առընթեր, ցեղային-էթնիկական ինքնութեան ուրոյն յատկանիշներէն կը նկատուի եւ կարեւոր խթան կը հանդիսանայ ազգայնականութեան ձեւաւորման, ազգամիջեան մրցակցութեան եւ ազգային դիմագիծի առանձնայատկութիւններու դրսեւորման գործընթացներու հարթութեան վրայ:
Քաղաքականութեան, եւ յատկապէս՝ միջազգային յարաբերութիւններու շրջածիրին մէջ, առ այսօր, մարմնամազի վճռորոշ դերը անժխտելի կը մնայ: Մարմնամարզի ասպարէզը դարձած է մերօրեայ համաշխարհային քաղաքականութեան գործընթացներու էական բաղադրիչներէն, իսկ մարզական մրցակցութիւնը, մասնաւորաբար ֆութպոլի մարզաձեւի պարագային, ազգային թէ պետական ինքնութեանց առանձնայատուկ շեշտադրում եւ հեղինակութիւն ապահովող կարեւոր գործօն կը հանդիսանայ: Անժխտելի է նաեւ, որ ներկայիս մարզական մրցակցութիւնը վերածուած է միջպետական թէ ազգամիջեան յարաբերութիւններու ընթացքին յաւելեալ առաւելութիւններ կորզելու կարեւոր միջոցի:
Թուրք պետութեան պատասխանատուներ յաճախ ապաւինած են մարմնամարզի պատմութեան որոշ դրուագներ «անգիտանալու», «մոռացութեան տալու» ապիկար քաղաքականութեան, եւ այդ՝ երկրի մարզական կեանքին մէջ ազգային այլ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներու ունեցած նշանակալի ներդրումը ուրանալու կամ սեփական ցնցիչ, ամօթալի պարտութիւններու դառնութիւնը ծածկելու, ինչպէս նաեւ թուրք ազգութեան առաջատարութիւնն ու գերակայութիւնը շեշտադրելու նպատակով:
Օսմանեան Կայսրութեան հպատակ հայութեան կողմէ, 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան, մարզանքի եւ մարմնակրթութեան նկատմամբ ցուցաբերուած լայնածաւալ հետաքրքրութիւնն ու հայկական ակումբներու կազմաւորման գծով թափ առած աշխոյժ գործընթացը, նկատառելի եւ իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ հայկական մարմնամարզի պատմութեան մէջ: Այստեղ անհրաժեշտ է ուշադրութեան յանձնել, որ գրեթէ նոյն ժամանակահատուածին, համանման գործընթացներ ծայր առին նաեւ Ռուսական կայսրութեան տարածքին ապրող հայութեան կեանքին մէջ:
Բացի մարմնակրթական, առողջապահական, առողջ ու կայտառ կենսակերպի այլատեսակ շարժառիթներէն, ու տակաւին՝ բացի անոնց շուրջ ծաւալած բազմակողմանի քննարկումներէն, Օսմանեան Կայսրութեան պարագային այդ գործընթացը ունէր նաեւ ազգային մրցակցութեան եւ մարմնամարզը որպէս ազգային ինքնահաստատման կերպ, ազդակ ընդունելու կողմնորոշում:
Մինաս Չերազ
Օսմանեան բռնակալ վարչաձեւին եւ կարմիր Սուլթանին դէմ երիտթուրքերու կողմէ 1908 թուականին կազմակերպուած յեղաշրջումէն յետոյ, երկրի տարածքին, կարճ ժամանակ մը, ազգային փոքրամասնութիւններուն համար ստեղծուեցան համեմատաբար բարենպաստ պայմաններ եւ անոնց նկատմամբ որդեգրուեցաւ հանդուրժողական վերաբերմունք, ինչ որ դրականօրէն պիտի անդրադառնար այդ հաւաքականութիւններու մարզական կեանքի ոլորտին վրայ եւ պիտի նպաստէր տուեալ ոլորտի աշխուժացման ու զարգացման: Յիրաւի, յոյն թէ հայ մարզական ակումբներու կազմաւորումը եւ երկրի մարմնամարզական կեանքին մէջ անոնց շնորհիւ արձանագրուած ակներեւ յաջողութիւններն ու կենսունակութիւնը էապէս խթանեցին թրքական համանման ակումբներու եւ կազմակերպութիւններու հիմնադրութեան թափը: Արդարեւ, թուրք մարզական կեանքը սկիզբ առաւ նման պայմաններու մէջ եւ արժանացաւ երիտթուրք ղեկավարներու թէ կառավարիչներու եզակի եւ արտակարգ ուշադրութեան՝ դառնալով լրացուցիչ կռուան, խայծ կայսրութեան տարածքին թուրք մարդու գերակայութիւնն ու առաջադրութիւնը հաստատելու համար:
Թրքական մարզական կեանքի ձեւաւորման ու զարգացման մէջ հայերու ունեցած դրական դերին եւ անուրանալի նպաստին մասին, առհասարակ, որեւէ անդրադարձ չի կատարեր թուրք պատմագրութիւնը, իսկ եթէ կատարէ անգամ, ապա այդ անդրադարձը կը կրէ հպանցիկ, հատուածական ու կողմնակալ բնոյթ:
Հասկնալիօրէն, թրքական ազգայնականութեան, ազգայնական պատմագրութեան եւ Թուրքիոյ պետական քաղաքականութեան խիստ բնորոշ ուրացման շրջածիրին մէջ պէտք է որոնել նման լռութեան դրդապատճառները: Օսմանեան Կայսրութեան հասարակական գործունէութեան տարբեր ոլորտներու մէջ հայերու բերած ծանրակշիռ եւ որոշադրիչ նպաստը, թրքական երախտամոռ պատմագրութեան կողմէ, հետեւողականօրէն անտեսուած ու մոռացութեան տրուած է: Հայկական հետքը, անհերքելի ներդրումը թրքական ճարտարապետութեան, թատրոնի, երաժշտութեան, մամուլի, գրահրատարակչութեան, մարմնամարզի եւ այլ բազում բնագաւառներու մէջ, Հանրապետական Թուրքիոյ ժամանակաշրջանին վերաձեւաւորուած թրքական պատմագրութեան կողմէ նկատուած է անցանկալի ու վտանգաւոր, հետեւաբար՝ անյիշարժան եւ անկարեւոր:
Այնուամենայնիւ, անցեալ 20-րդ դարասկիզբին, արեւմտահայ մարզական շարժման մեկնարկն ու զարգացումը շօշափելիօրէն աւետող եւ հաստատող համահայկական իւրօրինակ նախաձեռնութիւն մը պիտի հանդիսանար, Օսմանեան Կայսրութեան սահմաններէն ներս, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն ստեղծելու անմահանուն մարզիկ եւ մտաւորական Շաւարշ Քրիսեանի յղացած ապագայատեսիլ գաղափարն ու կարճ ժամանակ ետք իրողապէս անոր ծնունդը:
Սթոքհոլմի Միջազգային 5-րդ Ողիմպիական Խաղերու 1500 մեթր մրցավազքին մասնակիցներ, ձախէն երկրորդը՝ Վահրամ Փափազեան
Աներկբայօրէն, Օսմանեան իշխանութեան օրերուն, կայսրութեան տարածքին հայ մարզական կեանքի ու մարմնակրթութեան սկզբնաւորումը, ծաւալումն ու զարգացումը կը կազմեն հայկական մարմնամարզութեան հարուստ ու փառաւոր պատմութեան հպարտառիթ եւ թանկարժէք էջերէն:
Օսմանեան Կայսրութեան հայաբնակ նահանգներու, քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ հայկական մարմնամարզական եւ սկաուտական ակումբներու թէ միութիւններու ձեւաւորումը, կազմութիւնն ու տարածումը անյեղլի հաւաստիքներ եւ ցուցանիշներ կը հանդիսանան երկրէն ներս արեւմտահայութեան ծաւալած կենսագործունէութեան, առաւել եւս ներհամայնքային թէ ազգամիջեան յարաբերութիւններու մակարդակով որակական նոր տեղաշարժերու, զարգացումներու եւ պահանջներու մասին:
Մարզական ակումբներու ստեղծումը, տարրական դպրոցներու թէ միջնակարգ վարժարաններու կրթածրագիրներուն մէջ մարմնակրթութեան դասանիւթի ներգրաւման գաղափարի անհրաժեշտութեան հասունացումը կարեւորուեցան՝ որպէս համահայկական գաղափարախօսութեան ապահովման միջոցներ, որոնք պիտի դառնային ազգային կեանքի արդիականացման եւ բարեշրջման խթանիչ երաշխիքներ:
Ողիմպիական մարզիկ՝ Մկրտիչ          Մկրեան
Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (ՀՄԸՄ-ի) ստեղծումը սոսկ մարմնամարզական նպատակներ հետապնդելով չէր սահմանափակուեր, այլ կոչուած էր դառնալու ջահակիրը համահայկական ընդհանրութեան գաղափարին եւ գործնականօրէն նպաստելու ազգի միասնութեան հրամայական անհրաժեշտութեան եւ հայութեան բաղկացուցիչ տարբեր հատուածներու համագործակցութեան կենսական խնդրին:
Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին արեւմտահայութեան մարմնակրթական ու մարզական կեանքի աշխուժացումն ու յառաջընթացը, բնականօրէն, անհանգստութիւն պիտի պատճառէին երիտ-թուրքերու քաղաքական ազգայնական թեւի ներկայացուցիչներուն, որովհետեւ հայ մարզիկներու յաջողութիւններն ու հայկական մարզական կեանքի հետեւողական զարգացումը կը հակադրուէին թուրք ազգը բոլորէն գերադաս նկատելու երկրի իշխանութիւններու որդեգրած պաշտօնական ցեղապաշտ ու խտրական քաղաքականութեան:
Մեր ժողովուրդին Մեծ Սպանդը ծանրագոյն հարուած տուաւ իր կազմաւորման կարեւորագոյն փուլը բոլորող հայկական մարմնակրթական շարժման: Փաստօրէն հայկական բոլոր մարզական ակումբները փակուեցան, բազմաթիւ հայ մարմնամարզիկներ աքսորուեցան ու սպանուեցան:
Սակայն, պատերազմի աւարտէն քիչ անց, մեր քաջարի ժողովուրդը յաջողեցաւ վերածնունդ ապրիլ եւ կարողացաւ լուսաւոր նոր էջ մը եւս արձանագրել հայ մարզական կեանքի ու մարմնակրթութեան պատմութեան տարեգրութեան մէջ:
Մարմնակրթական շարժումին խորացման, արմատաւորման եւ ծաւալման համար սկաուտական շարժումը նաեւ խթան հանդիսացաւ: Հայ մարզական կեանքը միաժամանակ իր արտայայտութիւնը գտաւ մասնաւորաբար հայկական որբանոցներու երդիքի տակ իրականացած մարմնակրթական յոյժ կենսական եւ հրատապ նախաձեռնութիւններով, միշտ հանդէս գալով առողջ սերունդներ դաստիարակելու անշրջանցելի հրամայականով:
Խաչիկ Շահինեան