ՎԱՌ ՅՈՅՍԵՐՈՎ
ցուցափեղկին մէջ ծառ մը
վառ լոյսեր հագած
անուն ունի «տօնածառ»
աչք կը քթթէ անցորդներուն
մտատանջումէ զերծ է հոն, ուր
իղձեր եւ յոյսեր կը տողանցեն
կը բաշխէ սէր ու խանդ
ոչ ցեխն է հոգը անձրեւէ լճացած
ոչ ցուրտը ոսկորները սառած
կը ժպտի ան գալիք օրերուն
օրն ի բուն
ուղեւորներ կ’երթեւեկեն հեւիհեւ
ու կը ժպտին պսպղուն լոյսեր
տօնածա՛ռ
ճաճանչներ կը սփռէ
օր մը եւս մօտենալու նորին
սպառումը միշտ խնդագին
սակայն օրն է համրուած
պիտի գայ մարել լոյսերը շուրջ բոլոր
պահ մը ոչ անդրադարձում
ոչ ոքի հոգ
թէ տօնածառը ի՞նչ պիտի փափաքէր
պիտի թաղէ կարօտներ
նորածագ օրը երկունքին մէջ
սպասումն է օր մը եւս վերջացնել
օրացոյցէն էջ մը եւս փրցնել
ու հասկնալ թէ հինը շատոնց ցնդած
ափսոս յուսահատած
հեւքը մինչեւ
յաջորդ գալուստի
վառ յոյսերով պիտի կրկնուի
ՏԱԹԵՒ
Սատանի կամուրջին ներքեւ
Որոտանի գետն է յոխորտ
կը հոսի օձապտոյտ յորձանուտ
լերան ճեղքեր դռներ բացէ՛ք
կատաղի ջուր հոսի ոռոգիչ
Տաթեւի գմբեթներէն աղօթքով օծուած
օ Տէ՜ր տայ թեւ
ամպեր ծուէն-ծուէն են կուտակուեր
թեւատարած աղաւնիներ անբիծ
դէպի ծաւի երկինք կը սլանան
կը հնչեն ծնծղաներն ոսկեհուր
ի՜նչ հեշտին է լսել թրթռացում
պատերէն վար ուր սուրբեր կ’աղօթեն
Տա՛յ թեւեր
Տաթեւ
բայց սեւ ամպեր
սատանաներու անկուշտ
տիրանալ կ’ուզեն հզօրին
ստուերներ կը պահուըտին
խափանուկ խաղերու ետին
անկասկած Տիրոջ աղօթքը հովանաւոր
մերթ մատնուի վտանգի անտես
որ է տեսանելի պայքար
զօրեղ շունչն է օգնական
Տաթեւի շարական
սրտերու մէջ վառ
յաւիտեան
միշտ բուրվառ
ՀԵՌՈՒԷՆ ԵԿԱԾ
ծովուն վրայ առագաստներ պարզուած
պար կը բռնեն կապոյտ կոհակներով
խլրտուն խտղտանք է զուարճալի
հովը հանդարտ թեւերով կը շոյէ
մարմինն այն ծովապարիկին
հեռուն ժայռերուն յենած կը դիտէ
բայց աչքերդ փակ են քու
կայմին հանգչող նաւերը կը փափաքին
երթալ հոն պարել առագաստանաւու նման
կապոյտ երկինքին տակ
ծփուն կապոյտին վրայ
իղձեր թաքուն կը պահուին
թրջած խարիսխին տակ
փսփսուք մը շնչահեղձ
կը խառնուի ալիքներուն
ծովապարիկին մօտ
կը լսուի աղաղակը
եւ հորիզոնէն նուագ մը խուլ
կը բերէ քու մօտ
կը տանի քեզի
քեզմէ հեռու
ԵՐԹԱԼ
մնալ
ետ դարձ քայլերով երթալ
հմայքներով լի օրերէն մնացորդ
հրաժեշտի սեմին
վայրկեաններ կը սառին
ժպիտդ կայուն
աչքերուս մէջ շիթ
կ’իյնայ գացողին
թէ՞ մնացողին
երէկ էր դեռ ճամպրուկը դրան ետին
սահանքով ժամանակին քայլ առած
կը փոխադրէ անցեալը ներկայ
շղթայուած խօսքեր կը թափին ապակեայ
կտորուանքներ կը մխրճուին
կանգուն նետեր անարիւն
երթալ օր մը անպայման
առանց ձեռք շարժելու
շնչատ հրաժեշտ
ճամբուն վրայ օր մը
հովուն յանձնուած
ու կտրուած ժամանակի պորտէն
անլուր անհետացած
Լեռնա Գարագիւթիւք