Երեքշաբթի, 18 Յունուար 2022-ին, Ռուսիոյ մէջ Խրիմի մնայուն բանագնաց Կիորկի Մարատով յայտնեց, որ Խրիմի նաւահանգիստները պատրաստ են Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ առեւտրական եւ տնտեսական գործակցութեան զարգացման միջոց դառնալու։ Մարատով աւելցնելով ըսաւ, որ նաւահանգիստները բաց են Ռուսիայէն եւ Սուրիայէն տարբեր արտադրութիւններ փոխադրելու համար, առանց պատժամիջոցներու ենթակայ ըլլալու։
Անոր համաձայն, Սուրիոյ եւ Խրիմի միջեւ առեւտրական գործակցութեան յատուկ շուկայ մը Հաստատուեցաւ, ուստի աշխատանք կը տարուի առեւտրական փոխանակումներու աշխուժացման համար։
Նախօրօք, սուրիական տնտեսական պատուիրակութիւն մը տնտեսութեան նախարար Մուհամմէտ Սամէր Խալիլի նախագահութեամբ պաշտօնական այցելութիւն կատարած էր Խրիմ՝ երկու երկիրներուն գործակցութեան միջոցներուն շուրջ խորհրդակցելու համար։
Հանդիպման ընթացքին, Խրիմի նախագահը իր երկրին պատրաստակամութիւնը յայտնած էր Սուրիոյ հետ գործակցութեան հորիզոնները ընդլայնելու։