Չորեքշաբթի, 19 Յունուար 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Վենեզուէլայի նախագահ Նիքոլաս Մատորօ Քարաքասի մէջ Սուրիոյ դեսպան Խալիլ Պիթարը գերազանց մակարդակի շքանշանով պարգեւատրելու արարողութեան ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ մօտօրէն Սուրիա պիտի այցելէ՝ Սուրիոյ ժողովուրդին եւ ղեկավարութեան հետ ահաբեկչութեան դէմ արձանագրած յաղթանակը տօնելու համար։ Մատորօ աւելցուց. «Մենք հմայուած ենք Սուրիոյ ժողովուրդին հպարտալի պատմութեամբ եւ ահաբեկչութեան դէմ անոր արձանագրած յաղթանակներով։ Բարձր կը գնահատենք Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատին քաջութիւնը, խոհեմութիւնը եւ արձանագրած պատմական ձեռքբերումները՝ արեւմտեան ուժերու եւ անոնց դաշնակից ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ։ Նախագահ Ասատ այս յաղթանակին հասաւ Ռուսիոյ, Իրանի, Չինաստանի եւ այլ դաշնկից պետութիւններու աջակցութեամբ, ինչպէս նաեւ Վենեզուելայի բարոյական զօրակցութեամբ»։ Մատորօ առաջարկեց Դամասկոսի մէջ վենէզուելացի գործարարներու յատուկ ցուցահանդէս մը կազմակերպել, ինչպէս նաեւ Վենեզուէլայի մէջ սուրիական համայնքին Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքներուն սատարելու համար օգնութիւն տրամադրել։ Մատորօ այս պարտականութիւնը վստահեցաւ արտաքին գործոց նախարարին։ Իր կարգին, Պիթար շնորհակալութիւն յայտնեց Վենեզուէլայի նախագահին՝ զինք պարգեւատրելուն համար, ինչպէս նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց Վենեզուէլայի իշխանոթեան եւ ժողովուրդին։