“Էրմէնիհապեր”._Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն, յայտարարած է Հայաստանը Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումին հրաւիրելու մասին: Անգարայի համալսարանին մէջ տեղի ունեցած Լաթինական Ամերիկայի դեսպաններուն հետ հանդիպումի ընթացքին Չաւուշօղլուն այս նիւթին մասին ըսած է. «11_էն 13 Մարտ 2-րդ անգամ տեղի ունեցող դիւանագիտական ֆորումին Լաթինական Ամերիկայէն լայն մասնակցութիւն պիտի ըլլայ: Աշխարհի բոլոր տեղերէն բոլորը հրաւիրած ենք: Այս պահուն իրենց մասնակցութիւնը հաստատած են արդէն 39 արտաքին գործոց նախարարներ: Հրաւիրած ենք Հայաստանը, Հունաստանը, Կիպրոսի յունական բաժինը, Իսրայէլն ու Եգիպտոսը»: