“Երկիր”._Ատրպէյճան կ’աջակցի Հայաստանի հետ սահմանազատման գործընթացի մեկնարկին առանց որեւէ նախապայմանի։ Այս մասին Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան նախարար Պայրամով իր կարծիքը յայտնած է Վիեննա կատարած այցելութեան ժամանակ ԵԱՀԿ գլխաւոր քարտուղար Հելկա Շմիտթի հետ հանդիպումի ընթացքին։