ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ԱԺ փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան Ազգային Ժողովին մէջ յայտարարութիւններու ժամուն ըսաւ, որ Սեպտեմբեր 2018-ին  Տուշանպէի մէջ տեղի ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի ու Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը, որմէ ետք Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ կանոնաւոր կապ հաստատելու մասին համաձայնութիւն գոյացած է:
«Այնուհետեւ վարչապետը ըսաւ, որ Ալիեւ կիրթ մարդու տպաւորութիւն թողած է իր վրայ: Այդ հանդիպումէն եւ յայտարարութենէն ընդամէնը երկու տարի անց, այդ կիրթ մարդուն հետ կանոնաւոր կապի հետեւանքները զգացինք մեր կաշիին վրայ. ունեցանք Արցախի տարածքներու մեծագոյն մասի կորուստ, հազարաւոր զոհեր եւ անտուն հայորդիներ», դիտել տուաւ Իշխան Սաղաթէլեան ու աւելցուց.  «4 օր առաջ, ՀՀ իշխանութիւնները կրկին յայտարարեցին նոր կանոնաւոր կապ մը հաստատելու մասին՝ այս անգամ արդէն Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ: Ըսին, որ հանդիպումը ընթացած է դրական եւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ: Թէ ի՞նչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ այս նոր հաստատուած կանոնաւոր կապը՝ ակնյայտ է. եթէ առաջինին պարագային ունեցանք Արցախի մեծագոյն մասի կորուստ, այս պարագային վտանգի տակ կը դրուի Հայաստանի Հանրապետութիւնը»: