Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ լը Տրիան անընդունելի համարեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնները, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի կեցուածքը՝ Ֆրանսայի Իլ տը Ֆրանս կեդրոնական շրջանի ղեկավար, Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններուն առաջադրուած թեկնածու Վալերի Փեքրէսի հասցէին:
Ըստ «Նուվել Տ’արմենի»-ի, այս մասին նախարարը խօսած է խորհրդարանին մէջ՝ երեսփոխաններուն հետ հարցում-պատասխանի ընթացքին:
Ժան Իվ լը Տրիան հաստատած է, որ Ալիեւի յայտարարութիւնները ձեւով եւ բովանդակութեամբ անընդունելի են՝ յայտնելով, թէ այդ մասին ինք խօսած է Ֆրանսայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանին հետ:
Յայտնենք, որ այս տարուան սկիզբը Հայաստան եւ Արցախ այցելած Փեքրէս Ատրպէյճանի «Սեւ ցանկ»-ին մէջ ներառուեցաւ, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուեցաւ Ֆրանսայի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը «եւ անոր յղուեցաւ բողոքի գիր»: