“Երկիր”._ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յայտարարած է, որ թուրք-ռուսական ժամանակակից յարաբերութիւնները կարելի է անուանել պատմութեան մէջ ամենախաղաղը։ «Ռուսիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները կը շարունակեն բաւական լաւ զարգանալ։ Մենք ունինք խաղաղ յարաբերութիւններ, որոնց նմանը պատմութեան մէջ չէ եղած»,- ըսած է թրքական պետութեան ղեկավարը։ Էրտողան չէ բացառած նաեւ մօտիկ ապագային Մոսկուա այցելութիւնը կամ հերթական հեռաձայնային զրոյցը Ռուսիոյ նախագահ Փութինի հետ։ Թուրքիոյ ղեկավարը կրկին յայտնած է, որ Անգարա պատրաստ է միջնորդական ծառայութիւններ մատուցել Մոսկուային եւ Քիեւին։ Միաժամանակ աւելցուցած է, որ «Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ պատերազմի որեւէ փորձ լուրջ հարուած կ’ըլլայ ողջ տարածաշրջանի կայունութեան»: