Նոր Տարուան գիշերն էր։ Քանի մը վայրկեաններ ետք, ամէն մարդ անցած տարին ճամբու կը դնէր ու Նոր Տարին կը դիմաւորէր՝ նոր յոյսերով ու երազանքներով։
Քեսապի մէջ շատ խորհրդաւոր երեւոյթ է Նոր Տարուան գիշերը երեք յարանուանութեանց պատկանող եկեղեցիներու ղօղանջներով տարուան գալուստին աւետումը։
Մանուկ կազմ ու պատրաստ, թոռներուն ձեռքերը բռնած դէպի եկեղեցի կը շտապէր՝ ներկայ գտնուելու այդ պահուան առաջին աղօթքին՝ ժամերգութեան։
Ճամբան Մանուկ կը պատմէր իր թոռներուն, թէ Նոր Տարին աղօթքով դիմաւորելը մեր բարքերուն ու սովորութիւններուն մաս կը կազմէ։ Մերթ ընդ մերթ պայթուցիկներու ձայները կը խանգարէին իր խօսակցութիւնը. անոնց մասին ալ ըսելիք ունէր ան։ Այդ պայթուցիկներուն իմաստը ի՞նչ էր, արդեօ՞ք այդ պայթուցիկներու դրամով կարելի չէր կարիքաւոր ընտանիք մը ուրախացնել Նոր Տարուան շեմին, բարձրաձայն թոռներուն հետ կը խորհրդածէր Մանուկ ու իր ընդհատուած խօսակցութիւնը կը շարունակէր։
Ան կը պատմէր, թէ ինչպէ՛ս իր փոքր տարիքին ընկերներուն հետ Նոր Տարին՝ «կաղնտիլը» շնորհաւորելու կ’երթար հարազատներու եւ դրացիներու տուները։ Անոնք երբեմն կ’երգէին, երբեմն կ’արտասանէին, իսկ տնեցիները իրենց կարգին գուլպաներու մէջ մանտարին, նարինջ, ընկոյզ, շագանակ եւ տունը պատրաստուած չամիչ, պաստեղ եւ չոր թուզ կը նուիրէին իրենց։
Պապուկը պատմելով, իսկ թոռները հարցումներ ուղղելով եկեղեցւոյ դրան առջեւ հասած էին արդէն։
Մանուկ Նոր Տարուան ժամերգութեան ընթացքին իր աղօթքներն ու մաղթանքները  բարձրացուց առ Աստուած։ Առողջութեան խնդրանքը առաջնահերթութիւն էր, իր եւ ընտանիքի բոլոր անդամներուն ու սիրելիներուն, իր զաւակներուն ու թոռներուն փափաքները իրականացնելու տարի թող ըլլայ, մտքի հանգստութեան ու սրտի խաղաղութեան տարի թող ըլլայ։ Ան յատուկ խնդրանք մըն ալ ունէր Աստուծմէ, որ պարտէզի աշխատանքը հեզասահ ու առանց դժուարութիւններու ընթանայ այս տարի եւ բերքահաւաքին հասնի անփորձանք։
Վերադարձին տնեցիները ուրախութեամբ դիմաւորեցին Մանուկն ու թոռները։ Հազիւ տուն մտած, հայեացքը դէպի արեւելք դարձնելով սկսաւ Տէրունական աղօթքը, որուն միացան բոլորը։ Ան կը հաւատար, որ տարին պէտք է սկսիլ աղօթքով, որպէսզի Աստուծոյ օրհնութիւնը իջնէ ու  իրենց տունն ու ընտանիքին անդամները պաշտպանուին։
Բարեմաղթութիւններու եւ Նոր Տարուան առիթով ողջագուրումներու աւարտին, ընտանիքը շարունակեց Նոր Տարուան երեկոն։ Մանուկին ուրախութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ։ Զաւակները-թոռները իր չորս կողմը հաւաքուած տեսնելը աշխարհի ուրախութիւնն ու երջանկութիւնը գտած ըլլալու գոհունակութիւնը կու տային, եւ տունը իսկական նահապետական տուն կը դարձնէին։ Ասիկա Նոր Տարուան իր ամենամեծ պարգեւն էր Աստուծմէ, մինչ բոլորը Կաղանդ Պապայէն նուէրներ կը ստանային։
Մանուկ Նոր Տարուան առաջին օրը, առտու կանուխ բարձր տրամադրութեամբ արթնցաւ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, ան Նոր Տարուան առաջին օրը կ’ուզէր դիմաւորել նոր յոյսերով, իղձերով, փափաքներով եւ աշխատասիրութեամբ։ Մանուկ պարտաւոր չէր տարուան առաջին օրը այդքան կանուխ արթննալ, սակայն ան տան ժամացոյցէն աւելի իր ներքին ժամացոյցին ականջ կու տար։ Վերջինս թոյլ չէր տար ուշ արթննալ։ Որքան ալ ուշ քնացած ըլլար, անպայման արեւածագին հետ պիտի արթննար։ Ան իր կնոջ՝ խոր քունի մէջ մտած Մանուշին, կամացուկ մը, առանց  քունը խանգարելու  իմացուց, որ ժամը վեց ու կէս է։
Մանուշ ակամայ արթնցաւ, սկսաւ նախաճաշը պատրաստել, մինչ Մանուկ փայտերը կը պատրաստէր։ Վառարանին մէջ տեղադրեց փայտերը՝ ոստերուն ու ճիւղերուն կրակ տալով, կոճղերն ալ բռնկեցան։ Մանուկ նախաճաշը հանդարտութեամբ, առանց աճապարելու աւարտեց։ Ի տարբերութիւն տարուան միւս օրերուն, սուրճն ալ հաճոյքով խմեց՝ վառարանին փայտերուն ճարճատիւնը վայելելով։ Իրեն համար այդ ճարճատիւնը բնութեան գողտրիկ ու գեղեցիկ երաժշտութիւնն էր։
Մանուկ պարտէզի հագուստները հագած պատրաստուեցաւ դուրս գալ, «չեմ ուշանար», ըսելով Մանուշին։
Մանուշ երբեք չհարցուց, թէ ո՞ւր կ’երթայ։ Ան քաջ գիտէր, որ Մանուկ,  ինչպէս իր ընտանիքի անդամներուն Նոր Տարին շնորհաւորած էր, տարուան առաջին օրը պէտք էր պարտէզի ծառերուն ալ «Շնորհաւոր Նոր Տարի» ըսեր։ Զանոնք ալ իր զաւակներուն պէս կը սիրէր ու կը խնամէր։ Անկախ անկէ, տարուան առաջին օրը աշխատանքով պէտք է սկսիլ, որպէսզի տարին աշխատանքով ու եռանդով լեցուն ըլլայ։ Մանուկին համար աշխատանքը կեանք էր ու առողջութիւն, իսկ ծուլութիւնը՝ հիւանդութիւն։
Մանուշ շատ լաւ ճանչցած էր ամուսինը։
Իսկապէս ալ Մանուկ չուշացաւ։ Ան մէկ-երկու ծառ յօտած էր (Այդ շրջանին պարտէզի ծառերը յօտելու ժամանակն էր) եւ վերադարձած սրտի անհուն գոհունակութեամբ։
– «Շնորհաւոր Նոր Տարի» ըսի՞ր պարտէզի ծառերուն,- հարց տուաւ Մանուշ, սիրալիր ժպիտը դէմքին։
– Այո՛, ըսի։ Պարտէզի ծառերը տեւաբար նախանձդ շարժած են, Մանո՛ւշ,- ըսաւ ան սրամիտ ժպիտով մը։ Գիտես, որ տկարութիւն ունիմ անոնց հանդէպ։
Ան փայլող աչքերով հայեացքը ուղղեց Մանուշին, արտայայտելով իր անհուն սէրն ու գուրգուրանքը. սէրը, զոր երբեք չէր կրցած բարձրաձայն արտայայտել…։
Սեւան Ա. Մանճիկեան