Տեղեա՞կ էք արդեօք, թէ տաք ջուրն ու կիտրոնը ինչպիսի՛ օգտակարութիւն կրնան ունենալ ձեր առողջութեան:

Ճափոնի մէջ տարածուած է ամէն առաւօտ, արթննալէ անմիջապէս ետք, կիտրոնով եռացած ջուր խմելու սովորութիւնը:
Գոյութիւն ունին գիտնական ուսումնասիրութիւններ, որոնք կ’ապացուցեն անոր արժէքը:
 Ճափոնցիները նշանաւոր են իրենց երկարամեայ առողջ կեանքով:
 Խորքին մէջ, մեզմէ իւրաքանչիւրը կարելիութիւն ունի արեւելեան այդ փորձառութիւնը կիրարկելու եւ իր առողջութիւնը բարելաւելու:
   Եթէ արեան ցած ճնշումէ չէք տառապիր, ուստի փորձեցէ՛ք ամէն առաւօտ եռացած գաւաթ մը ջուրին մէկ կիտրոնի հիւթ աւելցնել եւ նախքան նախաճաշը խմել զայն:
-Կիտրոնը իր հիւթով եւ կեղեւով ուժի աղբիւր է: Ան հարուստ է մակնիզիումով, քալսիումով, նատրիումով, կալիումով եւ Սէ կենսանիւթով:
Այլ տարբերակ մըն ալ կարելի է օգտագործել. մէկ լիթր գաղջ ջուրին մէջ կրնաք խառնել 40 մլ. կիտրոնի հիւթ, աւելցնել 3 ճաշի  դգալ մեղր եւ խմել քանի մը անգամով:
Այս հիւթը, յատկապէս ձմրան, հիւանդութիւններու պարագային,  ձեր դիմադրողականութիւնը կը զօրացնէ:
-Կիտրոնը կարելի է օգտագործել նաեւ սիրտ  խառնուքը կանխելու համար, յատկապէս ճամբորդութիւններու պարագային:
Միւս կողմէ, կիտրոնի բոյրը կը նուազեցնէ ճնշուածութիւնը եւ կը հանգստացնէ ձեր միտքը:
Հետեւաբար կիտրոնը շատ լաւ միջոց է հանգստանալու եւ տարբեր հիւանդութիւններու հանդէպ ձեր դիմադրողականութիւնը զօրացնելու:
Երեկոյեան, նախքան քնանալը, յատկապէս ցուրտ ձմրան, կարելի է 2 -3 բաժակ ջուրին մէջ դնել 1 խոշոր կիտրոնի շերտեր եւ եռացնել 5 վայրկեան, ապա հեղուկը խմել տաք վիճակով:
Այս հեղուկը կը պաշտպանէ ցուրտէն, կը նպաստէ մարսողութեան, կը մաքրէ մաշկը եւ կը թարմացնէ շնչառութիւնը:
Ուստի օգտուեցէ՛ք դարմանումի բնական միջոցներէն եւ առատօրէն օգտագործեցէ՛ք կիտրոնը: