“Ապառաժ”._22 Յունուարին Ստեփանակերտի ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կեդրոն այցելեցին «Ճենեսիս Արմենիա» գիտահետազօտական ուղեղային կեդրոն-հիմնադրամի ներկայացուցիչները՝ Աբրահամ Գասպարեանի գլխաւորութեամբ։ Հիւրերը ընդունեցին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիյեանն ու ՀՅԴ Արցախի ԿԿ անդամ Արա Պուլուզեանը։ Միտքերու փոխանակումի ընթացքին գործնական գործակցութռան առաջարկներ հնչեցին, որոնք կ’առնչուէին ապահովութեան, տնտեսական, կրթական հիմնահարցերուն, Արցախի հարցը միջազգային հարթակներու վրայ ներկայացնելուն, անձնակազմի պատրաստման դասընթացքներուն, Աղաւնոյի ու Մարտունիի մէջ իրականացուող գործնական նախաձեռնութիւններուն։ Երկու կողմերը հանդէս եկան աւելի աշխուժ գործակցելու եւ կազմակերպուող նախաձեռնութիւններուն երիտասարդներու մասնակցութիւնը խրախուսելու առաջարկներով։