23 Յունուարի երեկոյեան, ՀՀ նախագահը դիմատետրի իր էջին վրայ կատարած յայտարարութեամբ նախագահիի պաշտօնէն իր հրաժարականը ներկայացուց.
 
«1990-ականներու սկիզբը աշխարհաքաղաքական մեծ փոփոխութիւններուն հետեւանքով մեր ժողովուրդին մեծագոյն կարելիութիւն ընձեռուեցաւ ստեղծելու իր անկախ պետութիւնը: Մեր առաքելութիւնը ոչ թէ մէկ դրօշը ուրիշով մը փոխարինելն էր, այլ՝ կառուցել երկիր, որ դարեր անց վերստին կ’ապահովէ հայերուն անվտանգութիւնը, յառաջընթացը եւ բարգաւաճումը: Կ’ընդգծեմ՝ անկախ պետութեան գոյութեան հիմնական իմաստը պատասխանատուութիւն ստանձնելու ու կրելու կարողութիւնն է, երբ կը գիտակցինք, որ միայն մենք ենք, որպէս մէկ միասնական մարմին, սեփական յաղթանակներ կերտողը եւ սեփական պարտութիւններուն մեղաւորը:
 
Նման պատմական կարելիութեամբ ոգեւորուած՝ ես, ինչպէս եւ իմ շատ հայրենակիցներ, նուիրուեցայ այդ առաքելութեան։ Տարբեր պատճառներով այս կամ այն փուլերուվ իմ մասնակցութեան աշխուժութիւնը փոխուած էր, բայց ես չէի դադրած հաւատալէ մեր վերջնական համազգային յաջողութեան: Եւ ատիկա էր Հայաստանի նախագահի պաշտօնը ստանձնելու առաջարկութեան համաձայնելու իմ գլխաւոր շարժառիթը: Ընդունելով այդ կարեւոր որոշումը՝ ես մեկնելով ինծի ուղղուած առաջարկութենէն, որուն համաձայն՝ նախագահական նոր հիմնարկը պիտի ունենար գործիքներ եւ կարելիութիւններ՝ ազդելու արտաքին քաղաքական եւ տնտեսական, ներդրումային քաղաքականութեան վրայ, Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններուն վրայ, ինչպէս նաեւ միջազգային ասպարէզի մէջ համազգային շահերը յառաջ մղելու եւ նոր գիտակրթական ու բարձր ճարտարագիտական միջավայր ձեւաւորելու: Որոշ ժամանակ անց տեղի ունեցան 2018-ի ապրիլ-մայիսեան իրադարձութիւնները… Կրնայ հարց ծագիլ՝ ինչու՞ ես հրաժարական չտուի այդ պահուն: Պատասխանը ակնյայտ է՝ այն պատասխանատուութեան պատճառով, որ ես կրած էի՝ ստանձնելով Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը:
 
Ես պարտաւոր էի ընել ինձմէ կախեալ ամէն ինչ՝ բացառելու ներքին պառակտումի հետագայ խորացումը, կարելի բախումները, որոնք կրնային հանգեցնել չափազանց բացասական հետեւանքներու: Ես նաեւ կը ձգտէի իմ երկարամեայ աշխատանքին շնորհիւ ձեռք բերած հեղինակութիւնը, կապերը եւ իմ միջազգային քաղաքական ու տնտեսական ներուժը ծառայեցնել ուժեղ եւ կայուն պետականութեան կառուցումին: Կրկին կրնայ հարց յառաջանալ, թէ ինչո՞ւ Նախագահը չկրցաւ ազդել քաղաքական իրադարձութիւններուն վրայ, որոնք մեզի հասցուցած են ներկայ համազգային ճգնաժամին: Պատճառը կրկին ակնյայտ է՝ համապատասխան գործիքներու պակասը, գործիքներ, որոնցմով որեւէ պետական պաշտօնեան կ’օժտէ բացառապէս մէկ փաստաթուղթ՝ Սահմանադրութիւնը:
 
Գործող Հիմնական օրէնքին մէջ թաքնուած են մեր որոշ կարեւոր հարցերուն արմատները: Մենք ունինք հակադրող իրավիճակ, երբ Նախագահը ստիպուած է պետականութեան երաշխաւոր ըլլալ՝ փաստացիօրէն չունենալով որեւէ իրական գործիք: Սահմանադրութիւնը նաեւ կ’ենթադրէ մէկ հիմնարկի գերակայութիւն միւսին նկատմամբ, Սփիւռքի յայտնի մասնագէտներուն համար ստեղծած է խոչընդոտներ՝ պատմական Հայրենիքի պետական հիմնարկներու կառավարման մասնակցելու համար և այլն:
 
Մենք խորհրդարանական հանրապետութիւն ենք ձեւով, բայց ոչ բովանդակութեամբ: Իմ առաջարկութեանս իմաստը եւ նպատակը եղած է ոչ թէ կառավարման մէկ ձեւէն միւսին (խորհրդարանականէն կիսանախագահականի կամ նախագահականի) անցնիլը, այլ՝ զսպումներու եւ հակակշիռներու վրայ հիմնուած պետական համակարգ ստեղծելը: Առանց անոր դժուար է խօսիլ նշանակալից ձեռքբերումներու մասին, որովհետեւ յառաջընթացի եւ յաջողութեան կսրելի է հասնիլ միայն կանխատեսելի եւ ներդաշնակ համակարգի պայմաններու տակ:
 
Ուրախ եմ, որ ստեղծուած է սահմանադրական փոփոխութիւններու յանձնաժողով, որուն համար շնորհակալութիւն կը յայտնեմ կառավարութեան: Ես յոյս ունիմ, որ, ի վերջոյ, սահմանադրական փոփոխութիւնները տեղի կ’ունենան, եւ յաջորդ նախագահն ու նախագահական հիմնարկը պիտի կարենան աշխատիլ աւելի հաւասարակշռուած եւ համակարգուած միջավայրի մէջ: Մենք կ’ապրինք իւրատեսակ իրականութեամբ , իրականութիւն, ուր Նախագահը չի կրնար ազդել պատերազմին եւ խաղաղութեան վերաբերող հարցերուն վրայ:
 
Իրականութիւն, երբ ան չի կրնար վեթօ կիրառել այն օրենքներուն վրայ, որոնք կը համարէ պետութեան եւ ժողովուրդին համար ոչ նպատակայարմար: Իրականութիւն, երբ Նախագահի կարելիութիւնները ընկալուած են ոչ թէ իբրեւ առաւելութիւն պետութեան համար, այլ՝ տարբեր քաղաքական խումբերու կողմէն կը դիտարկուին որպէս իրենց սպառնացող վտանգ: Իրականութիւն, ուր Նախագահը իր ներուժի գերակշիռ մասը չի կրնար օգտագործել ի նպաստ համակարգային ներքին եւ արտաքին քաղաքական հարցերու լուծման:
 
Իրականութիւն, ուր աշխարհը կը գտնուի մշտական կառավարման գօտիի վրահ, սակայն Նախագահը սահմանադրական գործիք չունի՝ օգնելու իր երկրին: Իրականութիւն, ուր պետութեան գլուխը ու երբեմն նաեւ անոր ընտանիքը թիրախաւորուած են տարբեր քաղաքական խմբաւորումներու կողմէն: Անոնք այնքան ալ հետաքրքրուած չեն նախագահական հիմնարկի կողմէն ի շահ երկրի իրականացուած ձեռքբերումներով, որքան իմ անցեալովս, դաւադրութեան զանազան տեսութիւններով: Իմ անձիս հանդէպ այդ «մտահոգուածութիւնը» կը յայտնուի նաեւ բարոյականութեան սահմաններէն՝ վերջնականապէս ուղղակիօրէն բացասաբար ազդելով առողջութեան վրայ: Ես շատ երկար մտածած ու որոշած եմ մօտաւորապէս չորս տարի աշխուժօրէն աշխատելէ վերջ հրաժարական տալ Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին։ Այդ որոշումը բացարձակապէս զգացական չէ եւ կը բխի որոշակի տրամաբանութենէ: Նախագահը չունի անհրաժեշտ գործիքներ՝ երկրին եւ ազգին համար ներկայիս բարդ ժամանակներու մէջ ազդելու ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան արմատական գործընթացներուն վրայ:
 
Մեր պետութեան համար այս բարդ փուլին մէջ, երբ անհրաժեշտ է համազգային միասնութիւն, նախագահական հիմնարկը պէտք չէ դառնայ բամբասանքներու ու դաւադրութեան տեսութիւններու թիրախ՝ որմէ շեղելով հասարակութեան ուշադրութիւնը կարեւորագոյն հարցերէն:
 
Այսօր, ինչպէս միշտ, անհրաժեշտ են իմաստալից, խոր մտածուած,կշռադատուած եւ բովանդակալից գործողութիւններ: Այլապէս մենք՝ ողջ աշխարհի հայութիւնը, չենք հասնիր մեր առաքելութեան նպատակին եւ կը յայտնուինք պատմութեան լուսանցքին մէջ: Մենք այլեւս սխալելու իրաւունք չունինք: Վերջաւորութեան կը փափաքիմ առանձնակի երախտագիտութիւն յայտնել մեր քաղաքացիներուն եւ Սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն՝ երկրին համար այս բարդ ժամանակներուն մէջ հաստատակամութիւն, տոկունութիւն, համբերատարութիւն եւ արիութիւն ցուցաբերելուն համար:
 
Առանձնայատուկ շնորհակալութիւն մեր քաջարի բանակի զինուորներուն եւ սպաներուն, խոնարհումս մեր Հայրենիքին համար իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսներու ընտանիքներուն: Շնորհակալ եմ նաեւ Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի բոլոր աշխատակիցներուն եւ պետական կառոյցներու իմ գործընկերներուն՝ միատեղ արդիւնաւէտ աշխատանքին համար»: