Հայաստան կ՛ուզէ առանց նախապայմաններու դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել Թուրքիոյ հետ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին լրատուամիջոցներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու համար կազմակերպուած առցանց ասուլիսի շրջագիծին մէջ ըսաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: «Կ՛ուզե՞նք Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացում` այո, եւ մենք այդ դիրքորոշումին մէջ անկեղծ ենք: Այն ժամանակ (2009_ին, «Ա.») չյաջողեցանք, հիմա պէտք է փորձենք նկատի առնելով նախորդ փորձը», ըսաւ ան: Պատասխանելով հարցումին, թէ որքանո՞վ կարելի է, որ Թուրքիան յարաբերութիւններու կարգաւորման համար կրկին նախապայմաններ առաջադրէ, Փաշինեան ընդգծեց. «Այո՛, 2009-ին հայ-թրքական արձանագրութիւններուն մէջ չկային նախապայմաններ, բայց հետագային նախապայմաններ ի յայտ եկան: Մենք չենք կրնար երաշխիքներ տալ, որ այդպիսի բան տեղի չունենայ: Մենք պէտք է հասկնանք, թէ կողմերը որքանո՛վ շահագրգիռ են»: Անդրադառնալով Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն` Փաշինեան ըսաւ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պէտք է խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրուի, բայց փաստաթուղթը ստորագրուելէ առաջ պէտք է ձեւակերպուի, եւ ատիկա բանակցութիւններու արդիւնք է: «Մենք կը կարծենք, որ այդ բանակցութիւնները պէտք է տեղի ունենան, եւ Հայաստանը պատրաստ է այդ բանակցութիւններուն», ըսաւ Փաշինեան: