Չորեքշաբթի, 26 Յունուար 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Յորդանանի միջեւ համաձայնագրութիւն ստորագրուեցաւ՝ Սուրիոյ միջոցաւ Յորդանանէն Լիբանան ելեկտրականութիւն մատակարարելու շուրջ։ Սուրիոյ ելեկտրականութեան նախարար Ղասսան ալ Զամէլ Պէյրութի մէջ իր լիբանանցի պաշտօնակից Ուալիտ Ֆայատի եւ յորդանանցի պաշտօնակից Սալէհ Խարապիշէի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ. «Սուրիան առաջին պետութիւններէն եղած է, որ արաբական երկիրներու միջեւ գործակցութիւնը քաջալերած է»։ Նախարարը շեշտեց, որ սոյն համաձայնագրութիւնը միջարաբական գործակցութեան յաջող մեկնարկը կարելի է համարել։