“Երկիր Մետիա”._Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ու հայ-թրքական բանակցութիւններուն մէջ ՀՀ յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեան պիտի մասնակցին 11_13 Մարտին Անթալիոյ մէջ տեղի ունենալիք դիւանագիտական ֆորումին: Այս մասին, ինչպէս վերջին շրջանին Թուրքիոյ հետ կարեւոր գործընթացներու մասին, տեղեկութիւն փոխանցուած են ոչ թէ ՀՀ պաշտօնական աղբիւրներներէն, այլ առաջին անգամ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին կողմէ։ Dailysabah-ը յայտնած է, որ Մեւլութ Չաւուշօղլուն այս մասին յայտարարած է այսօր: Մէկ շաբաթ առաջ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը յայտնած էր, որ Հայաստան հրաւիրուած էր Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումին։ Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումը պիտի ընթանայ 11_14 Մարտին: Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հաղորդած էր, որ Արարատ Միրզոյեան ստացած է ֆորումին մասնակցելու հրաւէրը, եւ պիտի քննարկուի նախաձեռնութեան մասնակցութեան նպատակայարմարութիւնը։ Երկուշաբթի օր Նիկոլ Փաշինեան իր ասուլիսին ընթացքին յայտարարած էր, թէ հաւանականութիւնը մեծ է, որ Հայաստանը ընդունի Անթալիոյ ֆորումին մասնակցելու Թուրքիոյ հրաւէրը։