“Ապառաժ”._Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիտալի Բալասանեան 28 Յունուարին Հայրենեաց պաշտպանի օրուան առիթով այցելած է Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիր եւ ծաղկեպսակ դրած է՝ իր խոնարհումը յայտնելով Հայրենիքի համար իրենց կեանքը զոհաբերած քաջորդիներու յիշատակին: Այս մասին յայտնած են Արցախի Հանրապետութիւն Անվտանգութեան Խորհուրդի Գրասենեակէն։