Արամ Ա կաթողիկոսը շնորհաւորական հետեւեալ ուղերձը յղած է հայկական բանակի 30-ամեակին առիթով:
 
«Այսօր հայոց բանակին օրն է, այլ խօսքով՝ մեր ժողովուրդին ու հայրենիքի պաշտպանութեան ու անվտանգութեան, արժանապատուութեան ու հզօրութեան օրը։
Եկէ՛ք, աղօթենք մեր բանակին համար. եկէ՛ք, զօրավիգ կանգնինք մեր բանակին։ Հայոց բանակին հզօրացումը հայրենիքի՛ն ու մեր ազգի՛ն հզօրացումն է» , նշուած է ուղերձին մէջ»։