Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնէն ետք, Հալէպի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը եկեղեցիներու միութեան նուիրուած աղօթքի շաբաթ կը կազմակերպեն։ Հայ երեք համայնքապետները, նաեւ առանձնաբար, եկեղեցիներու միութեան աղօթքի օր կը յատկացնեն։
Կիրակի, 23 Յունուար 2022-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան իր մասնակցութիւնը բերաւ հայ երեք համայնքապետներուն նախագահութեամբ կազմակերպուած եկեղեցիներու միութեան աղօթքին, հիւրընկալութեամբ՝ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, մասնակցութեամբ՝ Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհ. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, Հայ Աւետարանական «Բեթէլ» եկեղեցւոյ մէջ։
Աղօթքի շաբթուան բնաբանն էր՝ «Մենք տեսանք Անոր աստղը արեւելքի մէջ եւ եկանք երկրպագելու Իրեն» (Մտ 2.2):
Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերակցէին Կրօնական Ժողովի ատենադպիր Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան եւ Թեմի քահանայ հայրեր, որոնք հոգեպարար աղօթքներ եւ աւետարանական հատուածներ ընթերցելով իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ շեշտելով եկեղեցիներու միութեան կարեւորութիւնը:
Երեք համայնքապետները այս առիթով իրենց պատգամը ուղղեցին հաւատացեալներուն:
Արարողակարգը վերջ գտաւ համայնքապետներու օրհնութեան աղօթքով, որմէ ետք անոնք հանդիպում ունեցան, Վերապատուելիին գրասենեակէն ներս։