Երկրի որեւէ իշխանութիւն հարկ է որ պաշտպանը ըլլայ պետութեան ու ժողովուրդին շահերուն, ձեռքբերումներուն՝ քաղաքական իր տարբեր արեւելումներուն մէջ անգամ։
Որեւէ իշխանութեան կամ քաղաքական ընդդիմադիր ուժերու կողմէ յանուն պետութեան եւ ժողովուրդին արձանագրուած ձեռքբերումները առաւելութիւններ են, զորս պէտք է պահպանուին եւ ոչ թէ մսխուին յանուն քաղաքական տարակարծութիւններու։
Իշխանութեան հասած ուժեր կրնան քննադատել իրենց նախորդողներուն բացթողումները, տեղի տուած սխալները, սրբագրումի միջոցներ որոնել, սակայն երբեք իրաւունք չունին մսխելու իրարայաջորդ իշխանութիւններու, հայրենանուէր ազատամարտիկներու, Հայ Դատի պաշտպաններու, քաղաքական կազմակերպութիւններու՝ յանուն պետութեան ու ազգին նուաճած քաղաքական ձեռքբերումները։
ՀՀ վարչապետը 22 Յունուարին այդպիսի մսխումներու հեղինակը հանդիսացաւ՝ ուրանալով Սարդարապատով, Հայ Դատի յանձնախումբերու աշխատանքներով, Հայաստանի պետութեան, ժողովուրդին, հայ զինուորին, սփիւռքահայութեան ջանքերով ու զոհողութիւններով նուաճուած ձեռքբերումները։
Զրոյցը ունկնդրին մօտ հարցերու հետեւեալ շարքը կը յառաջացնէ բնականաբար. ի՞նչ տրամաբանութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը վարչապետը կը համարէ գլխաւորաբար սփիւռքեան գործունէութեան արդիւնք, անտեսելով Հայոց Ցեղասպանութեան 50-ամեակին իսկ հայրենի մեր ժողովուրդին Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտման ցոյցերը, որոնք եկան իրաւացիօրէն մէկ ազգ, մէկ ժողովուրդ, մէկ դատ հասկացութիւնը ամրապնդելու խորհրդային տարիներուն անգամ, միանալով Սփիւռքի ջանքերուն։
Ի՞նչ իրաւունքով անտեսումի կը մատնուի, կ՛արհամարհուի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին Երեւանի մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրին՝ Ծիծեռնակաբերդի մէջ ցեղասպանութեան հարիւրամեակի համահայկական հռչակագիրը, ընթերցուած Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ, ուր յստակօրէն արձանագրուած են հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն ձեռքբերման, Հայ Դատին, հայկական պահանջատիրութեան ոգին ու էութիւնը։
Ինչո՞ւ կառուցուած է Սարդարապատի յուշահամալիրը Երեւանի մէջ ու ի՞նչ կը խորհրդանշէ ան, եթէ ոչ հայ ժողովուրդի միասնական պայքարով ձեռքբերուած Սարդարապատի յաղթանակն ու Հայաստանի անկախութիւնը։ Այս բոլորը Հայ Դատէն անջա՞տ իրողութիւններ են։ Ի՞նչ է Հայ Դատ հասկացութիւնը վերջապէս, եթէ ոչ մեր ազգին ու պետութեան արդար իրաւունքներու ձեռքբերման համար մղուած դժուար ու երկար պայքար. փուլային պայքար մը, որուն իւրաքանչիւր փուլը յաջորդին հարթ ընթացքին ճամբան կը բանայ եւ կարելի չէ ուրանալ այդ փուլերուն դերն ու շաղկապուած ըլլալու իրողութիւնը։
Հայաստանի վարչապետը Արցախի հարցին մասին խօսելով ինչո՞ւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան շեշտադրումը լուսարձակի տակ կ’առնէ, առանց յիշելու անգամ բանակցութիւններով իսկ ամրագրուած Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը։ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի 26 Յունուարի յայտարարութեամբ իրաւացիօրէն յիշուած է. «Վարչապետը միտումնաւոր կերպով կը խեղադիւրէ ինքնորոշման իրաւունքի եւ տարածքային ամբողջականութեան յարաբերակցութիւնը միջազգային իրաւունքին մէջ»։ Ինչո՞ւ մսխել այս իրաւունքը՝ փոխանակ զայն պաշտպանելով բանակցելու։
Հայաստանի ներկայացուցիչը հայ ազգին ալ ներկայացուցիչն է վերջապէս։ Թուրքիան տարիներ շարունակ փորձ կատարած է անջատելու Սփիւռքն ու Հայաստանը՝ իր քաղաքական հեռանկարները հաշուի առնելով։ Այսօր Հայաստանի վարչապետը այդ առիթը ափսէի վրայ կը հրամցնէ Թուրքիոյ՝ յանուն բանակցութիւններու։
Տնտեսական յարաբերութիւնները երբեք չեն թելադրեր զիջիլ քաղաքական ձեռքբերումներէ եւ ընդառաջել թուրք-ատրպէյճանական նախապայմաններուն։
Բանակցութիւնը արուեստ է վերջապէս։ Այդ արուեստը կիրարկողները պարտաւոր են տիրութիւն ընել մեր հայրենիքին ու ազգին ձեռքբերումներուն, քաղաքական իրենց գործունէութեան մէջ ինչպիսի արեւելումներ ալ ունենան անոնք։ Եթէ այդ կարողութիւնը չունին, ի սպառ պիտի վատնեն Հայաստանի եւ հայ ազգի իրաւունքները ու պատասխանատուութիւն կրեն ազգին ու պետութեան առջեւ։
Ազգերու յիշողութիւնը կարելի չէ ջնջել յանուն բանակցութիւններու, յատկապէս եթէ այդ բանակցութիւնները հիմնուած են փոխադարձ շահերու վրայ, ոչ թէ միակողմանի զիջումներու՝ յանուն այնպիսի կողմերու խոստումներուն, որոնց հետ բանակցելու իմաստով հայ ազգն ու Հայաստանը դարերու փորձառութիւն ունին։