Սուրիոյ Հիւսիսային շրջանի մէջ ապրող հայութիւնը վերջին տարիներուն զգայուն վիճակի մէջ կ’ապրի։ Գամիշլիի, Հասիչէի եւ Տերիքի մէջ ապրող հայութիւնը ականատեսն է այդ շրջանին մէջ տարբեր ուժերու ներգործութեան, որոնցմէ ամէնէն վտանգաւորը թրքական ուժերն են։
Թուրքիա Սուրիոյ Հիւսիսային շրջանին մէջ 30 քլմ. խորութեամբ իր հսկողութիւնը պահպանելու ջանք կը թափէ՝ քրտական գործօնին ազդեցութիւնը տկարացնելու եւ սուրիական տագնապի լուծման մէջ իր լծակներն ու ազդեցութիւնը ամրագրուած տեսնելու հեռանկարով։ Թուրքիոյ ներկայութիւնը վտանգ կը հանդիսանայ նաեւ Սուրիոյ ժողովուրդին ընդհանրապէս, նկատի ունենալով պատերազմի տարիներուն ահաբեկչական խմբաւորումներու դէպի Սուրիա հոսքին մէջ Թուրքիոյ ունեցած առաջնային դերը, սուրիացի գաղթականներու թղթածրարը շահագործելու քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ քարիւղն ու գործարանները թալանելու մշտական ճիգը։
Միւս կողմէ, քրտական եւ ամերիկեան ուժերու ներկայութիւնը թոյլ չի տար, որ սուրիական տագնապը իր շուտափոյթ լուծման հորիզոնները ուրուագծէ։
Մինչդեռ ռուսական ներկայութիւնը, Սուրիոյ պետութեան հաւանութեամբ, շրջանին  մէջ մնացեալ օտար ուժերու ներկայութիւնը զսպելու եւ սուրիական բանակին դերակատարութիւնը շեշտադրելու գործօն կը հանդիսանայ։
Այս պայմաններուն մէջ, սուրիական բանակն ու պետական ենթակառոյցները կը շարունակեն իրենց ներկայութիւնը շրջանի նահանգներուն մէջ։
Հիւսիսային շրջանին մէջ իր գոյութիւնը շարունակող հայութիւնը, Սուրիոյ ժողովուրդի այլ մասնիկներուն կողքին, զգուշութեամբ կը հետեւի իրավիճակին, քաղաքացիի իր պարտաւորութիւններուն տէր կանգնելով մշտապէս։ Ան կը շարունակէ իր համայնքային կեանքը՝ վարժարաններու, ակումբներու եւ եկեղեցիներու շուրջ համախմբելով հայութիւնը։
Անցնող շաբթուան ընթացքին, Հասիչէի հարաւային շրջանին մէջ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումին կազմակերպած Ղուէյրան բանտի պայթումը անգամ մը եւս լարեց իրավիճակը, ահաբեկչական այս խմբաւորման ներկայութիւնը եւս զգալի դարձնելով շրջանին մէջ։
Բարեբախտաբար Հասիչէի հայութեան վտանգ չէր սպառնար եւ ան կը շարունակէ զգուշութեամբ հետեւիլ տարաբնոյթ զարգացումներուն։
Եթէ սուրիահայութիւնը ընդհանրապէս կը դիմագրաւէ տնտեսական եւ կենցաղային աննախադէպ դժուարութիւններ երկրի շրջափակման եւ պատերազմի հետեւանքներուն երկարաձգման բերումով, հիւսիսային շրջանի հայութիւնը առաւել լարուած շրջանի մը մէջ կը շարունակէ իր գոյութիւնը՝ ապաւինելով իր հաւասարակշռուած քաղաքականութեան եւ զսպուածութեան։
Այսօր, ամէն ժամանակներէ աւելի, սուրիահայութիւնը մնալու է համահայկական մեր ընտանիքի ուշադրութեան սեւեռակէտին մէջ, որպէսզի պահպանէ իր դիմադրողական ուժն ու գոյատեւելու կամքը։
Այսպիսի ծանր պայմաններու մէջ ապրող սուրիահայ համայնքը կը շարունակէ համայնքային-ազգային իր կեանքը ծաղկուն պահել, սփիւռքեան իրականութեան մէջ իր դերատարութիւնը շարունակել, այնքան ատեն որ նոր սերունդներ կը հասնին գունաւորելու անոր կեանքն ու կազմակերպչական աշխուժութիւնը, նոյնիսկ նման ծանր պայմաններու մէջ։