Անցնող հազարամեակին հայ ժողովուրդը ունեցած է քանի մը մեծաթիւ տեղաշարժ, գաղթ՝ անոր պարտադրուած բռնութիւններուն, եղեռններուն… արդիւնքով։ Անոնց մէջ յիշատակելի են սելճուքական, թաթար-մոնկոլական, շահ-աբբասական, օսմանական, քեմալական բռնութիւններն ու եղեռնները…։ Ասոնց որպէս արդիւնք ստեղծուած են նոր գաղթավայրեր, սփիւռքներ, որոնց մեծ մասէն հազիւ հայերու բեկորներ մնացած են, գաղթավայրերու բնակիչներուն մէջ ձուլուելով։ Թուենք քանի մը հատը՝ Արեւելեան Եւրոպայի, Հունգարիոյ, Լեհաստանի, Տոն-Ռոստով-Նոր Նախիջեւանի, Նոր Ջուղայի գաղութները։
Օսմանեան Կայսրութեան 20-րդ դարուն, երիտ-թուրքերուն իշխանութեան օրերուն յատկապէս ջարդերն ու եղեռնները, յարդի շիւղերու նման, աշխարհով մէկ ցիր ու ցան ըրին եղեռններէն փրկուած Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ հայութիւնը, որ կորսնցուց իր մտաւորական դասը ու թուական մեծամասնութիւնը։
Արեւելեան Եւրոպայի հայկական գաղութները չկան այսօր, անոնց մօտ սկսած է կազմուիլ նոր սփիւռք մը, 20-րդ դարուն սկիզբը կազմաւորուած ԱՄՆ-ներու եւ Ֆրանսայի հայկական սփիւռքը համարեա՛ ուծացման ընթացքի մէջ է։ Մնացած են նախկին կամ ծագումով հայերու զանգուած մը։ Անոնց զաւակներուն ի՞նչ կոչում պիտի տրուի։ Գուցէ ծագումով հայեր, որոնցմէ շատ փոքր թիւ մը ինքզինք հայ կը զգայ։
20-րդ դարու կիսուն եւ վերջին տասնամեակներուն, Միջին-Արեւելքի երկիրներէն եւ մասամբ Հայաստանէն արտագաղթած հայերէն կազմուած են Արեւմուտքի (ԱՄՆ, Ֆրանսա, Քանատա, Եւրոպա) գաղութները, Ռուսաստանի թէ մերձակայ երկիրներու մէջ կազմուած սփիւռքները բաղկացած են յատկապէս Հայաստանէն գաղթած (նախկին Խորհրդային թէ անկախ) հայորդիներէ։
Վաղուց հոն հաստատուած հայորդիներուն յաջորդ սերունդը դարձեալ ուծացած եւ հալ ու մաշ եղած է, իսկ մնացեալին ի՞նչ ճակատագիր կրնայ սպառնալ, որքա՞ն կրնան անոնք դիմադրել հայակուլ վտանգին, իսկ անոնց զաւակները…
Երեսուն տարի առաջ անկախացած Հայաստանը, ցայսօր, շատ բան կորսնցուցած է իր թուական թէ որակական հզօրութենէն։
Նախքան Մեծ Եղեռնը, ու անոր յաջորդած ժամանակաշրջանին կազմուած Սուրիոյ, Թուրքիոյ հետ սահմանագծին վրայ ցրուած հայաբնակ թէ հայաշատ գիւղերը՝ Արաբունար, Ռաս ուլ Այն, Թէլ Ապիատ, Տըրպեսիէ, Ազազ, Աֆրին, Մունպուճ, Ռաքքա… եւ այլ շրջաններ չդիմանալով ստեղծուած զանազան տեղական պայմաններու հայաթափուած են. (Գամիշլի, Հասիչէ, Տէրիք հայութեան թիւը նուազած է)։ Բացի վերջին երեք շրջաններէն, այսօր, սահմանային գիւղերը սուրիական տագնապին հետեւանքով բռնագրաւուած են թրքական բանակին ու անոր հովանաւորած ահաբեկիչ խմբաւորումներուն կողմէ։
Բռնագրաւող Թուրքիան այդ ահաբեկիչներէն ստուար թիւ մը տեղափոխեց Ատրպէյճան։ Անոնք դարձան այդ երկրի բանակին յառաջապահները Արցախի դէմ սարքուած 44-օրեայ պատերազմին։
Ո՞ւր է Ռուճի Հովիտի (Սուրիոյ Իտլիպ նահանգի) հայութիւնը, ուր գոյութիւն ունէր Առաջնորդանիստ Աթոռ (Շուղուրի մէջ՝ Ճըսըր ալ Շուղուրի արեւմուտքը)։ Անոնցմէ Եագուպիէ եւ էնկիզակ հայաթափ եղան 2013-ին։ Լաթաքիոյ նահանգին մաս կազմող Ղնեմիէ եւ Արամօ հայաբնակ գիւղերը (թէեւ արաբախօս հայերէ բաղկացած էին) պարպուած են այժմ։
Նոյնիսկ ծննդավայրս, Քեսապը, անցնող տասնեակ տարիներուն կորսնցուցած է իր թուական եւ որակական արժէքը. ժամանակին հոն կը բնակէին մօտ 6-7 հազար հայեր, այսօր կան հազիւ 1000 հայորդիներ, որոնք կը տոկան (մինչեւ ե՞րբ) Սուրիական պատերազմի՝ այժմ տնտեսական ճգնաժամին, միեւնոյն ատեն ապահովական վտանգներուն եւ անգործութեան սպառնալիքներուն…։
Անցնող տասնամեակին բախտը ունեցած եմ մասնակցելու Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ (2014) եւ 6-րդ (2017) համաժողովներուն։ Այս վերջին համաժողովի բացման հանդիսութեան խօսք առնելով ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոս շատ յստակօրէն ընդգծեց, որ «Հայաստանը կը պարպուի, իսկ Սփիւռքը կը մաշի»։ Այս տակաւին չորս տարի առաջ էր, երբ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները ըսենք թէ որոշ չափով հարթ էին, երբ տակաւին կը գործէր Սփիւռքի Նախարարութիւնը, կային մշակոյթի ու մարզանքի նախարարութիւնները… երբ տակաւին «դուխով յեղափոխականները» իշխանութեան գլուխ չէին կանգնած, երբ տակաւին ուծացման ու խորքաթափման գործընթացքի չէին ենթարկուած կրթութեան, արդարադատութեան եւ այլ նախարարութիւններ։ Երբ ցեխարձակման չէին ենթարկուած Հայ Եկեղեցին ու ազգային արժէքները չէին ոտնահարուած։
Երբ տակաւին տեղի չէր ունեցած Արցախի 44-օրեայ պատերազմը ու Արցախն ու արցախահայութիւնը չէին կոտորուած։ Երբ տակաւին չէր սկսած Հայաստանի Իշխանութեանց ու Թուրքիոյ միջեւ նոր սիրաբանութիւնը։
Ու Վեհափառ Տէրը 2022 թուականը հռչակեց «Սփիւռքի Տարի»։
Անշուշտ Ան քաջատեղեակ է Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի քաղաքական, տնտեսական, ընկերային ու այլ դժուարութեանց ծալքերուն։
Քաջատեղեակ է անոնց սպառնացող ռազմական, ապահովական ու այլ վտանգներուն, որոնք Դամոկլեան սուրի մը նման կախուած են անոնց գլխուն։
Այդ հռչակագիրին հաստատումէն անմիջապէս ետք, Ան կազմակերպեց սփիւռքահայ մտաւորականներու խորհրդաժողով մը Մայրավանք Անթիլիասի մէջ։
Խորհրդաժողովի իր արտասանած բացման խօսքը եկաւ բացատրելու, թէ ինչո՞ւ այս հռչակագիրը՝ 2022-ը «Սփիւռքի Տարի»։
Ան կ’ընդգծէ.
«Սփիւռքը տագնապի մէջ է»։
«Սփիւռքը սկսած է ծաւալիլ ու տարածուիլ։ Հայութեան մեծամասնութիւնը Սփիւռքի մէջ է»։
«Սփիւռքը սկսած է մաշիլ ու գունաթափիլ»։
«Սփիւռքը սկսած է անտարբեր ըլլալ ինք իր նկատմամբ, յուսախաբ ըլլալ Արցախի պատերազմէն ետք»։
«Երիտասարդութիւնը սկսած է հեռանալ մեր հաւաքական կեանքէն, մեր կառոյցներէն…»։
«Այս բոլորը կը ստիպեն մեզ լրջօրէն մտածել Սփիւռքի մեր հաւաքական տան մասին…»։
«Սփիւռքը կարելի չէ իր ներկայ վիճակին մէջ պահել, Սփիւռքը հրամայական անյետաձգելի կարիքը ունի վերակազմակերպուելու, վերակենսաւորուելու…»։
Ու կ’աւելցնէ.
«… Նախ եւ առաջ Հայաստան պէտք է համոզուի, որ Սփիւռքը բաժնեկից է Հայաստանի հզօրացման, նոյնիսկ կառավարման որոշ իմաստով, այլապէս այս բոլորը զգացական սահմաններու մէջ կը մնան»։
«Նաեւ Սփիւռքը պէտք է ունենայ այն խոր համոզումը, որ ինք ինքնակեդրոն, ինքնանպատակ գոյութիւն մը չէ, այլ մաս կը կազմէ ամբողջական հայութեան, նաեւ պարտաւորութիւն ունի, պատասխանատուութիւն եւ իրաւունք ունի Հայաստանի նկատմամբ»։
«Սփիւռքի Տարի» հռչակումին առիթով մենք պէտք է անդրադառնանք նաեւ այն իրականութեան, որ հզօր Սփիւռքը կ’ենթադրէ հզօր Հայաստան եւ փոխադարձաբար…»։
 «Հետեւաբար մեզի համար Սփիւռքը չի կրնար ինքնանպատակ դառնալ։ Անոր կատարած բոլոր աշխատանքները, ծրագրումները հորիզոնին վրայ պէտք է ունենան Հայաստանը»։
* * *
Վերոյիշեալ մէջբերումները մէկ փոքր մասը կը կազմեն Վեհափառ Տիրոջ խօսքին։
Ազգային-քաղաքական ուղեգիծի մը նախագիծի ներկայացումն է, ապագայի իմաստով «Ճանապարհի քարտէզ» մըն է Անոր խօսքը։
Վեհափառ Տիրոջ խօսքը, ամբողջական գաղափարներով յագեցած, կը վերաբերի Հայ Ազգի բաղադրիչ բնագաւառներուն ու նաեւ մեզ՝ սուրիահայութեան, ներառեալ լիբանանահայութեան, որոնք կ’անցնին նոյնանման տագնապներէ։
Մեր երկիրները տակաւին չեն թօթափած պատերազմական իրավիճակի ժխտական անդրադարձներն ու արդիւնքները, նոյնինքն պատերազմը։ Անոնց նկատմամբ տնտեսական պատժամիջոցներու վերնագիրին տակ կը կիրարկուի տնտեսական պատերազմ։ Ահաւոր պատերազմ, որ անպայման կ’ենթադրէ ընկերային ենթավերնագիր։
Տասնամեայ տագնապին պատճառով, սուրիահայութիւնը, դասական այս Սփիւռքը, այսօր կորսնցուցած է թուական ու որակական իր նախատագնապի դիմագիծը. ուստի հարցադրումը պարտադիր է՝ ան իր մաս-մաս իրավիճակով ինչպէ՞ս պիտի տոկայ իր դէմ պարզուած գոյատեւման մարտահրաւէրներուն։ Հարց կու տանք, թէ չէ՞ հասած տակաւին երէկ իր գոյացուցած միասնակամութիւնը (տագնապի առաջին օրերուն) վերանորոգելու, վերակենսականացնելու պահը՝ անդին շպրտելով, իւրաքանչիւր կառոյցի մասնակի ու առժամեայ լուծումներ որոնելու ժամանակավրէպ մօտեցումը։
Իւրաքանչիւր կառոյց պահելով իր իւրայատկութիւնը, պէտք չէ՞ մշակէ գէթ համասուրիահայկական նուազագոյն հասարակած յայտարար մը, փոխադարձ հանդուրժողականութեամբ՝ անձնական թէ հաւաքական բնագաւառներու վրայ։
Կը կարծենք, որ սուրիահայութիւնը մէկ ամբողջութիւն է, ոչ թէ հալէպահայութիւն, դամասկոսահայութիւն, լաթաքիահայութիւն եւ այլն, որքան ալ տարբերութիւններ յամենան, բոլորը միասին կը կազմեն լոկ սուրիահայութիւն։
Ակնբախ էր, թէ ինչպէ՛ս տագնապի անցնող տաս տարիներուն ընթացքին Սփիւռքի տարբեր-տարբեր շրջաններ փութացին օժանդակել սուրիահայութեան, սակայն այդ մէկն իսկ չդարձաւ համահայկական լաւապէս կազմակերպուած երեւոյթ։
Սուրիական փորձէն մեկնած կը նկատենք համահայկական ազգային համաձայնութեան մը, Ազգային Ուխտի մը չգոյութիւնը, ազգային հասարակաց յայտարարի մը պակասը, ինչ որ տարբեր նպաստներ կրնար դարձնել աւելի լայնածաւալ ու ազդու։
Արդեօ՞ք երկու տարիներէ ի վեր լիբանանի իմա՛ Լիբանանահայութեան պարտադրուած տնտեսական պատերազմին հայութիւնը կրցաւ հաւաքական, մէկ ու ամբողջական կառոյցով մը նեցուկ կանգնիլ անոր։
Չդիմանալով երկու երկիրներուն պարտադրուած տագնապներուն, տուեալ շրջաններու հայերը նօսրացան, տժգունացան, տկարացան, մաշեցան։
Այս երկու շրջաններու հայերէն շատեր գացին հարստացնելու Արեւմտեան աշխարհի հսկայական սփիւռքները։ Այնտեղ եւս անոնց կազմակերպական իրավիճակը տակաւին դասական է, աւանդական եւ ոչ այժմէական։ Այլ խօսքով անհամապատասխան օրուան պահանջներուն ու մարտահրաւէրներուն։
Անցնող 100-ամեակին, սփիւռքեան աւանդական կառոյցները (համայնքներ, կուսակցութիւններ, կազմակերպութիւններ, հայրենակցական միութիւններ, վարժարաններ եւ այլն) կրցան դիմակայել որոշ չափով հայակուլ ձուլումի վտանգին, հակառակ այն իրողութեան, որ անոնց ճիգերը համահայկական իմաստով հաւաքական չէին։ Սակայն 21-րդ դարու պայմաններուն տակ հաւաքական, համակարգուած ճիգի մը բացակայութեան պարագային այդ գոյատեւութիւնը կասկածելի կը մնայ։
Ակնարկ մը նետելով մեր թշնամի երկրին՝ Թուրքիոյ, ընդգծենք, որ անոր կուսակցութիւնները, աջակողմեան թէ ձախակողմեան, ունին հաւաքական ազգային ուխտ մը՝ վերականգնել Օսմանեան Կայսրութիւնը եւ բնաջնջել այդ երթին առաջ կանգնած բոլոր արգելքները։
Այսօր, 21-րդ դարու այս փուլին, երբ աշխարհը այլեւս փակ հաւաքականութիւններու հաւաքածոյ մը չէ, իսկ գերարդիական արհեստագիտութիւնը քանդած է սահմաններն ու պատերը, մեր դասական, հնամենի ոճով գործող կառոյցները սկսած են յումպէտս վատնել ու մսխել իրենց ներուժը, մանաւանդ երիտասարդներու ուժը։ Ժամանակի թաւալումով այդ ներուժը լուսանցքի վրայ կը տեղադրուի։
Վեհափառ Տիրոջ արտասանած խօսքը այդ դուռն ալ կը բախէ, մարտահրաւէր կարդալով որ նոր, երիտասարդ այդ ներուժը վերակազմակերպուի, օժտուած 21-րդ դարու հնարաւոր արհեստագիտութեան զէնքերով, դիմակայելու մեր ազգին առջեւ պարզուած մարտահրաւէրները։
Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին, ԱՄՆ-ներ բնակող, ոչ հայախօս՝ անգլիախօս երիտասարդներու ինքնակազմակերպ խմբակ մը, յաջողած էր դիմատետրի էջերուն վրայ երեւցող ազերի պարսաւող ու հայհոյող «աքթիւիստները» տուգանել (օգտուելով ելեկտրոնային համացանցի տեսակաւոր կարելիութիւններէն), եւ այդ հասոյթը տրամադրել գոյապայքար մղող հայոց բանակին։
Վերոյիշեալ «տեսակի» հայօրէն ապրող, բայց օտարախօս երիտասարդներու փաղանգ մը կայ փաստօրէն, օժտուած գիտութեան ամէն տեսակի կարելիութիւններով, որ սակայն հեռու մնացած է ազգային, հայկական մեր կառոյցներէն. դասական կառոյց ունեցող կազմակերպութիւններ ունի՞ն կարելիութիւններ զանոնք վերածելու «դիմադրական բանակի» մը։ Պէտք է ունենան այլեւս։
Այս գծով եւս դիպուկ է Վեհափառին մատնանշումը։
Հապա ի՞նչ ըսել Ռուսաստանի խորքերը բնակող հայ հաւաքականութեանց մասին, որոնք տեղւոյ՝ հիւսիսային ձեան նման կամաց-կամաց կը հալչին։
Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ համաժողովին (2014 Սեպտեմբեր) հանդիպեցայ ռուսական քաղաքի մը բնակիչին։ Ան յայտնեց, որ այնտեղ կը բնակին 14 հայ ընտանիքներ, որոնք հանգանակած էին 1400 ամ. տոլար եւ ուղարկած նոր ազատագրուած Քեսապ (14 Յունիս 2014)։
Այս ալ մաս չի՞ կազմեր նորաստեղծ Սփիւռքին՝ իր ներուժով համատեղ։
Վեհափառը կը մատնանշէ, թէ Սփիւռքը մէկ մասն է ամբողջական հայութեան։ Կը նշէ թէ «Սփիւռքը պարտաւորութիւն, պատասխանատուութիւն եւ իրաւունք ունի Հայաստանի նկատմամբ»։
Հարց կը տրուի, Սփիւռքը որքանով կատարած է իր պարտաւորութիւնները Հայաստանի հանդէպ։ Գուցէ, անհատական ու երբեմն մեծածաւալ նպաստած, սակայն այդ եղա՞ծ է համահայկական-համասփիւռքեան ծրագրումով, իրագործումով։ Իսկ Հայաստան որքանո՞վ իրաւունք տուած է Սփիւռքին, որ պարտաւորութեանց իրաւունք ունենայ անոր հանդէպ։
Ակամայ կը վերյիշեմ սփիւռքահայութեան երկքաղաքացիութիւն տալու օրէնքի որդեգրման քաշքշուքները։ Արդե՞օք միայն երկրաշարժի մը, պատերազմի մը պարագային պէտք է ունենանք ճիգերու մէկտեղում, (հազիւ կազմակերպուած)։
Քառօրեայ պատերազմի օրերուն, թէ 44-օրեայ պատերազմի օրերուն Սփիւռքն ալ ունեցաւ իր ներդրումը հաւաքական ինքնապաշտպանման ճիգին։ Ունեցաւ իր նահատակները, անկախ այն իրողութենէն թէ Հայաստանի իշխանութիւնները ինչպէս ոտնահարեցին այդ մասնակցութիւնը։ Դարձեալ հարցադրում կը կատարեմ. որքանո՞վ համահայկական կազմակերպուած ճիգի մը արդիւնք էր այդ մասնակցութիւնը։
Վեհափառը կը հաստատէ «Սփիւռքը չի կրնար ինքնանպատակ դառնալ։ Հզօր Սփիւռք կը նշանակէ հզօր Հայաստան եւ փոխադարձաբար։ Անոր կատարած բոլոր աշխատանքները, ծրագրումները հորիզոնին վրայ պէտք է ունենան Հայաստանը»։ Ապա ան կը բացայայտէ, որ կոչ ուղղած է համազգային խորհուրդ մը կազմելու, որուն ճամբով տարբեր հարցեր պիտի քննուին։
Մերժելով, որ Սփիւռքը ներքաշուի Հայաստանի ներքին հարցերուն ու միջամուխ ըլլայ անոնց, Վեհափառ Տէրը կ’ընդգծէ որ «Համահայկական հարցերու գծով Սփիւռքը հետեւողի, դիտողի, կրաւորական վիճակի մէջ պէտք չէ ըլլայ, այլ մասնակցողի տեսակէտ ունեցողի դերին մէջ ըլլայ»։
«Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները, Արցախի հարցը, վերջին պատերազմին վերաբերող հարցերը համահայկական մտածողութիւն, կեցուածք եւ մասնակցութիւն կ’ենթադրեն»։
Հարցը այստեղ կը վերաբերի հայկական պահանջատիրութեան, միացեալ հայրենիքի մը կերտման հրամայականութեան, որոնցմէ զիջումի իրաւունքը չի վերաբերիր ոչ ոքի։
Վերջապէս այլ տեղ ան կը յայտնէ թէ «Սփիւռքի Տարի» հռչակումը պէտք չէ թողու այն տպաւորութիւնը, որ փորձ պիտի կատարուի Սփիւռքը անջատելու, կղզիացնելու ու մեկուսացնելու Հայաստանէն։
Վերի տողերուն մէջ արձանագրեցինք արդէն, որ Վեհափառին խօսքը, նախագիծ մըն է, «Ճանապարհի քարտէզ» մըն է։ Անոր վրայ բան աւելցնելու յաւակնոտութենէ հեռու, փորձ մըն է գրութիւնս մեր՝ սուրիահայութեան իրականութեան տեսանկիւնէն քննելու արծարծուած գաղափարները, որոնք որքան իրապաշտ, որքան անհրաժեշտ հրամայականներ են։
Միջազգային մեծապետական հաշիւներու տրեխներուն տակ տրորուող սուրիահայութիւնը իր գոյութիւնը պահպանելու ու համահայկական մեծ տեսլականը իրագործուած տեսնելու ճամբուն Վեհափառին «Սփիւռքի Տարուան» հռչակագիրը մղիչ ուժ կը հանդիսանայ ինչպէս սուրիահայութեան, այնպէս ալ համայն հայութեան, որ նոր ոճով, հայկական հարազատ խորքով գոյատեւելու եւ գործելու ծրագիր մշակէ։
Յատկապէս երիտասարդութիւնը պէտք է ըմբռնէ ու իւրացնէ հռչակագիրը, եւ անոր պարունակած գաղափարները, զանոնք ի գործ դնելու հրամայականով։
Կը յուսանք ականատեսն ու ականջալուրը ըլլալ հռչակագիրի գաղափարներուն ու ոգիին գործնական քայլերու իրագործման։
Կարօ Վ. Մանճիկեան