Հալէպի մէջ, նախքան պատերազմը, մարդասիրական բազմաթիւ կեդրոններու կողքին կը գործէր յատուկ խնամքի կարիք ունեցող հայ երեխաներու «Արեւիկ» կեդրոնը։ Կեդրոնը, ինչպէս Հայ Ծերանոցը, բախումներու կիզակէտին մէջ յայտնուելով կիսաքանդ դարձաւ, իսկ կահոյքը ամբողջութեամբ զինեալ ահաբեկիչներու կողմէ թալանուեցաւ պատերազմի տարիներուն։  
Ներկայիս «Արեւիկ»-ի մարդասիրական գործունէութիւնը կը շարունակուի կառոյցէն դուրս։
Մարդասիրական այս կարեւոր աշխատանքին ծանօթանալու համար, «Գանձասար» հարցազրոյց մը ունեցաւ «Արեւիկ» կեդրոնի խնամակալութեան ատենապետ Տէր Զարեհ Քահանայ Շաքարեանի հետ։
«Գանձասար»- Ինչպէ՞ս ծնունդ առաւ «Արեւիկ» կեդրոնը  եւ որքանո՞վ ծառայեց իր նպատակին։
Զարեհ  Քահանայ Շաքարեան –  Յատուկ խնամքի կարիք ունեցող երեխաներու «Արեւիկ» կեդրոնը ծնունդ առաւ հայ ընտանիքներու անմիջական կարիքներուն թելադրութեամբ։ Բերիոյ Հայոց Թեմի օրուան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սուրէն Սրբ. Արք. Գաթարոյեանի կարգադրութեամբ Հալէպի հայ երեք համայնքապետներու հովանաւորութիւնը վայելող կեդրոնը ծնունդ առաւ 1 Հոկտեմբեր 2000-ին, Պոստան Փաշա շրջանի Հայ Ծերանոցի հողաշերտին վրայ։ Երեք համայնքներու կողմէ կազմակերպուած խնամակալութիւնը հօր նման կը հսկէր կեդրոնի գործունէութեան եւ իր անխոնջ աշխատանքով միշտ սատար կը կանգնէր «Արեւիկ»-ին։
Կեդրոնը օրէ օր զարգացաւ։ Սկզբնական շրջանին ան ունեցաւ 15 աշակերտ, հետագային թիւը հասաւ 25-ի։ Կեդրոնը ունէր կամաւորաբար ծառայող իր տնօրէնուհին եւ ուսուցչական կազմը, որոնց կողքին պաշտօնէութիւն եւ յատուկ փոխադրակառք։ Կը գործէր շաբաթական հինգ օրերու դրութեամբ, մասնագիտական ծրագիրով։
«Արեւիկ»-ի հիմնադրման նպատակը մարդասիրական էր։ Տան մէջ փակուած եւ խնամքի կարիք ունեցող երեխաները համախմբելու եւ զիրենք ներգրաւելու մեր ընկերութեան մէջ, իսկ թերաճ մանուկները դաստիարակելու մանկավարժական յատուկ ծրագիրներով, միաժամանակ զիրենք վարժեցնելու անձնական հոգատարութեան, որպէսզի դառնան ինքնավստահ, ինքնաբաւ, իսկ նման պարագաներ ունեցող  ընտանիքները չպահել ամօթխածութեան զգացումէ տառապողի հոգեվիճակին մէջ, այլ զարգացնել  անոնց մարդասիրական ոգին եւ յանդգնութիւնը։
«Գ.»- 2012-ին, կեդրոնի շրջանը անապահով ըլլալուն եւ հետագային վնասուելուն բերումով  աշխատանքը որոշ շրջան մը դադրեցաւ։ Ինչպէ՞ս  կարելի եղաւ վերաշխուժացնել զայն։ 
 Զ.Ք.Շ.- Երբ պատերազմը սկսաւ, կեդրոնի շրջանը կը նկատուէր անապահով։ Շրջան մը վերջ ահաբեկիչներ ներխուժեցին շրջան եւ կեդրոնը վնասներ կրեց, հանրակառքը, որ «Արեւիկ»-ի աշակերտութեան տրամադրուած էր եւ աշակերտներուն կը ծառայէր գողցուեցաւ։ Այդ օրերուն ունէինք 26 աշակերտ։ Ուսուցչական կազմը մեծամասնութեամբ ճամբորդեց, իսկ աշակերտութեան մեծ մասը իր ընտանիքին հետ փոխադրուեցաւ Հայաստան։
Պատերազմէն ետք ունեցանք  10 աշակերտներ, զորս մինչեւ այսօր  կը համախմբենք, սակայն ոչ նախկինին նման ամէնօրեայ դրութեամբ ու ամբողջական անձնակազմով։ Մանուկները շաբաթական  դրութեամբ կը հաւաքուին Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանէն ներս, իրենց տրամադրուած է դասարան մը, ուր ուսուցչական կազմին կամաւոր ծառայութեամբ կը կիրարկուին  ուսուցողական յատուկ խաղեր եւ բազմաթիւ այլ ծրագիրներ։
Կը կազմակերպենք  ձեռնարկներ, ինչպէս՝ Կաղանդ, Մայրերու տօն եւ Ս. Զատկուան տօնախմբութիւն։
Այս տարի կազմակերպեցինք տարեկան բանակում մը Քաֆրուն շրջանին մէջ։ Շատ հաճելի եւ օգտաշատ էր ծրագիրը, նկատի առնելով աշակերտութեան  գոհունակութիւնը եւ կազդուրումը։ Ծնողներուն վկայութեամբ, բանակումը շատ դրական ներգործութիւն ունեցաւ իրենց առողջութեան եւ հոգեկան աշխարհին վրայ։
Խնամակալութիւնը մտադիր է  բանակումի այս ծրագիրը կրկնել ամէն տարի։
Հալէպահայութեան կողմէ մեծ հետաքրքրութիւն կայ այս աշխատանքին նկատմամբ։ Բարոյական եւ նիւթական աջակցութեան կողքին, կ’ունենանք նուիրատուներ, որոնց ներդրումով կը կազմակերպենք աշակերտներուն յատուկ պտոյտներ, նախաճաշեր եւ ամանօրեայ նուէրներ։ Խնամակալութիւնս երախտապարտ է բոլոր նուիրատուներուն, որոնք առանց ակնկալութեան կը զօրակցին «Արեւիկ»-ի աշակերտներուն։
«Գ.»- Ներկայ պայմաններուն մէջ խնամակալութիւնը ինչպէ՞ս կը գործէ, ինչպիսի՞ ծրագիրներ ունի, իսկ աշակերտութիւնը ինչպիսի՞ կարիքներ ունի։ 
Զ.Ք.Շ.- Խնամակալութիւնը կը գործէ համերաշխութեամբ, հայ երեք հոգեւոր պետերուն հովանաւորութեամբ։ Պատերազմէն ետք, Սուրիոյ նախագահական պալատը մարդասիրական աշխատանք տանող մարմիններու հետ հանդիպում ունեցաւ։ Այս առիթով, «Արեւիկ» կեդրոնը Սուրիոյ  Առաջին Տիկնոջ յատուկ ուշադրութեան արժանացաւ։ Առաջին Տիկինը նախքան պատերազմը մշտապէս նեցուկ կը կանգնէր եւ կը քաջալերէր  աշակերտութիւնը։  Անոր առաջարկով մեր կեդրոնի աշակերտութիւնը մասնակցած է ողիմպիական խաղերու եւ Սուրիոյ մակարդակով առաջին դիրքը գրաւած է։ Այդ օրերուն մեր աշակերտները  Առաջին Տիկնոջ ձեռամբ պարգեւատրուած են «Արեւիկ» կեդրոնէն ներս։
Ներկայիս աշակերտութիւնը կարիք ունի նման հաւաքներու, ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ նիւթական եւ բարոյական քաջալերանքի։ Ուրախութեամբ կ’ուզեմ յիշել, որ Ամանորին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին ձեռամբ, յատուկ բարերարի մը կողմէ նուէրներ յանձնուեցան աշակերտներուն։
Մեր ժողովուրդը գիտակից է ու հոգատար։ Հայ Ծերանոցի, Ազգ. Պատսպարանի  եւ «Արեւիկ» հաստատութեան նկատմամբ իր նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը չի զլանար։ Այս իսկ պատճառով մեր ծրագիրները յաջողութեամբ կը պսակուին եւ կեդրոնի աշակերտները մեր բոլորին ուշադրութեան կիզակէտին մէջ են։
Հարցազրոյցը վարեց
Ժիրայր Կարապետեան