“Երկիր”._Օրինագիծը, որ կը նախատեսէ Անգարայի եւ Պաքուի միատեղ գործելու կարելիութիւն զինուորական եւ պաշտպանական ոլորտներու գործակցութեամբ, Երեքշաբթի ներկայացուած է Թուրքիոյ խորհրդարանի քննարկումին. անիկա ստորագրուած է Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփի կողմէն։ Երեքշաբթի, 1 Փետրուարին Ատրպէյճանի խորհրդարանը հաստատած է այս հռչակագիրը։ Փաստաթուղթը ստորագրուած է անցեալ տարուան 15 Յունիսին Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Իլհամ Ալիեւի եւ Էրտողանի կողմէն Արցախէն բռնագրաւուած Շուշի քաղաքին մէջ։ Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան, համաձայն հռչակագիրին, պայմանաւորուած են ՄԱԿ-ի կանոնադրութոծեան հիման վրայ փոխադարձ զինուորական օգնութիւն ցուցաբերել կողմերէն մէկուն անկախութեան, ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սպառնացող վտանգներուն եւ սպառնալիքներուն պարագային։ Հռչակագիրին համաձայն, եթէ նման վտանգներ յառաջանան, Պաքուն եւ Անգարան միատեղ խորհրդակցութիւններ պիտի կատարեն, հանդէս պիտի գան այդ վտանգներն ու սպառնալիքները վերացնելու նախաձեռնութիւններով եւ փոխադարձ օգնութիւն պիտի ցուցաբերեն։ Միաժամանակ, անյապաղ քննարկումներու ու միատեղ գործողութիւններու միջոցով պիտի որոշուի օգնութեան ծաւալն ու ձեւը, երկու երկիրներու զինեալ ուժերը պիտի իրականացնեն անհրաժեշտ համակարգումը։ Բացի այս բոլորէն, հռչակագիրին մէջ կայ կէտ, որուն համաձայն Պաքուն եւ Անգարան պիտի շարունակեն միատեղ ջանքերը երկու երկիրներու զինեալ ուժերը ժամանակակից պահանջներուն համապատասխան արդիականացնելու ուղղութեամբ։ Հռչակագիրի մէկ այլ հակահայկական կէտին մէջ նշուած է, որ Ատրպէյճան և Թուրքիան «կ’աջակցին առանձին երկիրներու արխիւներու բացումին եւ պատմաբաններու կողմէն Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915_ի իրադարձութիւններու հետաքննութեան»: