Այսօր լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավար Արարատ Միրզոյեան ըսաւ, որ հայկական կողմը ատրպէյճանական եւ ռուսական կողմերուն հետ քննարկած է անվտանգութեան միջոցները, որոնք սահմանագիծին ապահովութեան եւ կայունութեան ձեւաչափեր կը ստեղծեն։ Ապա յայտնած է, որ ասիկա բանակցային սովորական գործընթաց է։ Ընդգծելով, որ որոշ առաջարկներու համար բացասական արձագանգ եղած է Պաքուէն՝ Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը չակերտներ չբացաւ յայտնելու, թէ ի՛նչ առաջարկներու մասին է խօսքը։ «Տարբեր առաջարկներ ներկայացուցած ենք քննարկումի։ Սովորական բանակցային գործընթաց է, այժմ կը քննարկուին։ Որոշ առաջարկներու առնչութեամբ բացասական արձագանգ եղած է Պաքուէն, բայց կը կրկնեմ՝ սա շարունակական գործընթաց է, այնպէս չէ, որ մենք մէկ անգամ առաջարկեցինք, իրենք մերժեցին, որովհետեւ եղած են նաեւ առաջարկներ, որոնք մեզի համար անընդունելի եղած են», ըսաւ Միրզոյեան։