Ստորեւ կը ներկայացնենք տասը խորհուրդներ, որոնց հետեւելով կարելի է փափուկ եւ մաքուր պահել դէմքին մաշկը։
1) Դէմքը խնամելու քսուկները ընտրեցէ՛ք մեկնելով ձեր մաշկին տեսակէն:  Բնականաբար, չոր եւ իւղոտ մաշկերու պահանջները կը տարբերին:
2) Յատուկ ուշադրութիւն դարձուցէ՛ք մաշկի նուրբ մասերուն: Մաշկը դէմքի որոշ մասերուն վրայ շատ աւելի զգայուն է, յատուկ խնամքի կարիք ունի, ինչպէս օրինակ՝ աչքերու եւ շրթունքի մաշկը:
3) Նրբօրէն մաքրեցէ՛ք մաշկը: Զգայուն մաշկին խնամքը կը սկսի շպարը մաքրելով: Հարկ է ընտրել մաքրելու այնպիսի քսուկներ, որոնք նախատեսուած են զգայուն մաշկի համար:
4) Աչքերը վտանգաւոր գօտի են: Մաշկը աչքերուն շուրջ 10 անգամ աւելի բարակ է, քան դէմքի որեւէ այլ մասի վրայ: Զգուշօրէն եւ նրբօրէն հեռացուցէ՛ք աչքի շպարը, այլապէս կրնաք գրգռել զայն եւ կարմրութիւն յառաջացնել:
5) Փիլինկը դէմքի մաշկի խնամքին համար անհրաժեշտ փուլ է: Ձեր մաշկի տեսակին համապատասխան փիլինկի տեսակ ընտրեցէ՛ք եւ շաբաթը մէկ անգամ կատարեցէ՛ք գործողութիւնը:
6) Ձեր մաշկը միշտ խոնաւ պահեցէ՛ք համապատասխան քսուկներ օգտագործելով եւ յաճախակիօրէն ջուր եւ այլ հեղուկներ խմելով։
7) Փորձեցէ՛ք բնական միջոցներով մաքրել ձեր մաշկը, օգտագործելով պտուղի տեսակներ, մեղր եւ մածուն։
8) Պաշտպանեցէ՛ք ձեր մաշկը արեւէն: Տարուան բոլոր եղանակներուն համապատասխան արեւէն պաշտպանող քսուկներ օգտագործեցէ՛ք: Անոնք ձեր մաշկը կը պաշտպանեն արեւի ճառագայթներուն վնասակար ազդեցութենէն:
9) Խուսափեցէ՛ք արտաքին անբարենպաստ գործօններէն: Ծխելը, ճնշուածութիւնը վատ անդրադարձ կ’ունենան մաշկին վրայ: Տուն հասնելուն պէս անմիջապէս մաքրեցէ՛ք ձեր մաշկը:
10) Մի՛ մոռնաք ձեր շրթները եւս խնամել: Եթէ շրթները յաճախ կը չորնան, զանոնք փափուկցնող եւ խոնաւ պահող քսուկներ օգտագործեցէ՛ք: