Բոյսերը ոչ միայն տան կամ գրասենեակի տեսքը կը գեղեցկացնեն, այլեւ դրական ազդեցութիւն կ’ունենան մեր տրամադրութեան եւ առողջութեան վրայ, յաճախ ներծծելով վատ կենսուժը եւ լաւը արտադրելով, օդը մաքրելով եւ այլն։
ՆԱՍԱ լուրջ ուսումնասիրութիւններ կատարած եւ թուած է 12 բոյսեր, որոնք կը բարելաւեն մեր քունին որակը: Թուե՛նք քանի մը հատը:
Յասմիկ
Թաղարի մէջ աճող տարբերակը կ’արժէ զետեղել ննջասենեակը: Հաստատուած է, որ այս բոյրը կը նուազեցնէ անձկութեան եւ ընկճախտի մակարդակը եւ կը նպաստէ քունին:
Լաւանտր
Այս բուրաւէտ բոյսը կը կանոնաւորէ սիրտի բաբախումները եւ արեան գերճնշումը: Հանգստացնող այս բոյսը կ’արժէ զետեղել ննջասենեակին մէկ անկիւնը:
Սկեսրոջ Լեզուն
Այս հրաշք բոյսը գիշերը թթուածին արձակելու եւ ածխաթթու կլանելու յատկութեամբ օժտուած է ննջասենեակին ապականած օդը մաքրելով՝ տնային այս բոյսը մեծապէս կ’օգնէ մեր քունի որակի բարելաւման:
Ալոէ Վերա
Այս բոյսը ցուցակագրուած է՝ որպէս ՆԱՍԱ-ի օդը բարելաւող լաւագոյն բոյսերէն մէկը, ունի սկեսրոջ լեզուի յատկանիշները: Ան բոյսը նաեւ մեծ խնամքի չի կարօտիր:
Եգիպտացիներուն կողմէ «անմահութեան բոյս» համարուած ալոէն շատ դիւրին եւ արագ կը բազմանայ. այնպէս որ, եթէ գնէք հատ մը, շուտով կ’ունենաք ալոէի բոյսեր ձեր տան բոլոր սենեակներուն մէջ:
Խաղաղութեան Շուշան
Ոչ միայն աչքին հաճելի՝ խաղաղութեան շուշանը ՆԱՍԱ-ի գերաստղային բոյսերէն մէկն է, որ կ’օգնէ օդը զտելու տեսակաւոր թունաւոր նիւթերէ: Ան ունի նաեւ օդը խոնաւցնելու յատկութիւն, ինչ որ կ’արգիլէ «չոր քիթի» եւ կոկորդի գրգռումները: