ՀՅԴ Բիւրօն 5 Փետրուար 2022_ին ցաւակցագիր յղած է ընկ. Վահէ Թորոսեանի մահուան մասին. “Խոր ցաւով տեղեկացանք ընկ. Վահէ Թորոսեանի վաղաժամ մահը։ Ընկեր Վահէն նուիրեալ դաշնակցական էր, որուն համար հայրենիքը գերագոյն արժէք էր: Իր անցած ուղին կը վկայէ ատիկա: Ան թէկուզեւ երիտասարդ, սակայն իր կարեւոր աւանդը ունեցաւ Հարաւային Իրանի հայութեան եւ կուսակցութեան կազմակերպական կեանքին մէջ: Մեր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնենք ընկեր Վահէ Թորոսեանի ընտանիքին եւ հարազատներուն, ՀՅԴ Հարաւային Իրանի ԿԿ-ին եւ շարքերուն”։