Հունանեան արձագանգած է Ատրպէյճանի մշակոյթի նախարարի յայտարարութեան՝ հայկական կրօնական եւ պատմամշակութային կոթողները աւերելու եւ ինքնութիւնը փոխելու նպատակով աշխատանքային խումբի ստեղծումին մասին: Յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «Խստօրէն կը դատապարտենք 3 Փետրուարին Ատրպէյճանի մշակոյթի նախարար Անար Քերիմովի յայտարարութիւնը՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ յայտնուած հայկական կրօնական եւ պատմամշակութային կոթողները աւերելու եւ ինքնութիւնը փոխելու նպատակով աշխատանքային խումբի ստեղծումին մասին: Դրացի ժողովուրդի պատմամշակութային ժառանգութիւնը միտումնաւոր ու ապօրինի իւրացնելու եւ անոր պատմական յիշողութենէն զրկելու նպատակով պետական մակարդակով նման կառոյցի ստեղծումը աննախադէպ է նոյնիսկ հակամարտութիւններու պատմութեան համար: Անիկա անգամ մը եւս կը վկայէ, որ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին եւ յաջորդող ժամանակաշրջանին Արցախի մէջ հայկական պատմամշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան նկատմամբ վանտալիզմի եւ ոչնչացման դէպքերը կը կրեն միտումնաւոր ու ծրագրուած բնոյթ, եւ Արցախը իր բնիկ հայ բնակչութենէն զրկելու քաղաքականութեան մաս կը կազմեն։ Ատրպէյճանի կառավարութեան այս քայլը բացայայտ մարտահրաւէր է ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի կողմէն 7 Դեկտեմբեր 2021-ին տեղի ունեցած հրատապ միջոցներ կիրառելու որոշումին, որ յստակ ձեւով կը պարտաւորեցնէ Ատրպէյճանը. «Ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ միջոցները՝ կանխելու եւ պատժելու վանտալիզմի ու պղծումի գործողութիւնները՝ ուղղուած հայկական մշակութային ժառանգութեան, ներառեալ՝ եկեղեցիներու եւ այլ պաշտամունքի վայրերու, յուշարձաններու, տեսարժան վայրերու եւ գերեզմանատուներու դէմ»: Ստեղծուած իրավիճակին մէջ աւելի հրատապ կը դառնայ միջազգային հանրութեան, մասնաւորապէս՝ ԻՒՆԵՍՔՕ-ի անյապաղ միջամտութիւնը եւ տեղւոյն անխոչընդոտ ներգրաւուածութիւնը՝ համամարդկային մշակութային ժառանգութեան մաս կազմող Արցախի հայկական յուշարձանները պահպանելու եւ վանտալիզմի դէպքերը կանխելու նպատակով։ Հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան եւ կրօնական սրբավայրերու ոչնչացման եւ ինքնութեան խեղաթիւրման այս քաղաքականութիւնը կը հակասէ հաշտութեան հասնելու Ատրպէյճանի յայտարարութիւններուն եւ լուրջ խոչընդոտներ կը ստեղծէ տարածաշրջանի մէջ տեւական խաղաղութեան հաստատման համար»։