Կիրակի, 13 Փետրուար 2022-ի յետմիջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէ շրջանի, Լաթաքիոյ, Քեսապի եւ Հալէպի բոլոր եկեղեցիներէն ներս հանդիսաւորապէս յիշատակուեցաւ քառասնօրեայ Մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայման տօնը՝ Տեառնընդառաջը:
 
Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեց Տեառնընդառաջի նախատօնակի արարողութեան եւ օրուան խորհուրդը ուղղեց հոծ բարեպաշտներուն:
 
Եկեղեցւոյ դպրաց դասին կողմէ հնչեցին Յիսուս Մանուկի տաճար ընծայումը նկարագրող շարականներ, ղեկավարութեամբ՝ դպրապետ բարշ. տոքթ. Սարգիս սրկ. Իսկէնեանի։
Նախատօնակի արարողութեան աւարտին կատարուեցաւ Անդաստանի կարգ, որուն ընթացքին օրհնուեցան աշխարհի չորս ծագերը:
 
Սրբազան Հայրը օրուան խորհուրդը պարզաբանեց ներկաներուն, յայտնելով, որ Յիսուս Մանուկին տաճար այցելութեամբ Աստուծոյ հետ հանդիպում տեղի ունեցաւ։ Ան դիտել տուաւ, որ հազարաւոր ուխտաւորներուն մէջէն Սիմէոն Ծերունին եւ Աննա մարգարէուհին իրենց հաւատքին շնորհիւ արժանի դարձան կենդանի աչքերով տեսնելու Յիսուս Մանուկը։
Մասիս եպիսկոպոս յայտնեց, թէ Տեառնընդառաջի տօնը լուսաւորուելու եւ ծառայելու օր է, որպէսզի Քրիստոսի նման մեր կեանքերը ընծայաբերենք Աստուծոյ եւ Անոր կամքը կատարենք։
Սրբազան Հայրը աղօթեց, որ Ամենակալը օրհնէ եւ պաշտպանէ մեր մանուկները, երիտասարդները եւ հաստատուն պահէ լուսաւորչեան կանթեղը վառ պահող Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին։
 
Սուրբ Խորանի կանթեղին լոյսով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը լուսաւորեց հաւատացեալներուն մոմերը, ապա հանդիսաւոր թափօրով ուղղուեցաւ դէպի Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ.Վարժարանի բակը, ուր տեղի ունեցաւ խարոյկի աւանդական հրավառութիւն, որուն ընթացքին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասը ներկաներուն մասնակցութեամբ երգեց «Ուրախ լեր»ը, «Կիլիկիա» մաղթերգը, «Տէր Ողորմեայ»ն եւ Տէրունական աղօթքը։ Տօնակատարութիւնը վերջ գտաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Օրհներգի միասնական երգեցողութեամբ:
Տեառնընդառաջի աւանդութեան համաձայն, հաւատացեալները իրենց նորածին երեխաները ընծայաբերեցին Սուրբ Խորանին, ստանալու աստուածային օրհնութիւնները: Անոնք Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող ճրագը իրենց տուները տանելով օրհնեցին նաեւ իրենց օճախները: