Չորեքշաբթի, 16 Փետրուար 2022-ին, «Ուաթան Անլայն» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ՄԱԿ-ի քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ խորհրդակցեցաւ Սուրիոյ, Լիպիոյ, Պալքանեան երկիրներու իրավիճակին եւ այլ հարցերու շուրջ։ Այս առիթով Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հաղոդագրութիւն մը հրապարակեց, ուր յայտնեց. «Լաւրով Կութիերեսը տեղեակ պահեց Ռուսիոյ եւ Եւրոպայի գործակցութեան ու Անվտանգութեան Կազմակերպութեան անդամ պետութիւններուն միջեւ տեղի ունեցած Սուրիոյ եւ Լիպիոյ իրավիճակին առնչուող խորհրդակցութիւններուն արդիւնքներէն»։