ՀՀ Ազգային Ժողովի փոխնախագահ, Հայաստան-Աւստրալիա բարեկամական խումբի ղեկավար Իշխան Սաղաթէլեան հեռավար ձեւաչափով 21 Փետրուարին հանդիպած է Աւստրալիա-Հայաստան միջխորհրդարանական բարեկամական խումբի համանախագահներ Թրենթ Զիմմերմանի եւ Ճոէլ Ֆիտսկիպպընի հետ: Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Հայկ Կայսերեան եւ գրասենեակի քաղաքական հարցերու պատասխանատու Միքայէլ Գոլոգոսեան: Իշխան Սաղաթէլեան երախտագիտութիւն յայտնած է աւստրալացի խորհրդարանականներուն հայ-աւստրալական կապերու զարգացման համար` յայտնելով, որ պատրաստակամ է ներդնելու յաւելեալ ջանքեր` եղած կապերը զարգացնելու եւ անոնց նոր որակ հաղորդելու համար: ԱԺ փոխնախագահը դրականօրէն արժեւորած է Աւստրալայի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը Արցախի հարցին առնչութեամբ` այդ հարցին մէջ ընդգծելով Նոր Հարաւային Ուելս խոշոր նահանգի կողմէն Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումը: Հանդիպումին անդրադարձ եղած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին: «Ես յոյս ունիմ, որ կու գայ արդարութեան օրը, եւ Աւստրալիան ամբողջութեամբ կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը: Անիկա անհրաժեշտ է նաեւ նոր ցեղասպանութիւններու կանխումին համար», ըսած է ԱԺ փոխնախագահը` անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններ հաստատելու սկսած գործընթացին: Իշխան Սաղաթէլեան ընդգծած է, որ Արցախը երբեք չի կրնար ըլլալ Ատրպէյճանի կազմին մէջ, եւ այդ հարցը պէտք է լուծուի ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի շրջանակին մէջ: Աւստրալիա-Հայաստան միջխորհրդարանական բարեկամական խումբի համանախագահ Ճօէլ Ֆիտսկիպպընը նոյնպէս կարեւոր համարած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը, ինչպէս նաեւ այդ նպատակով միջազգային հանրութեան ջանքերու համատեղումը` յետագային նման գործողութիւններու իրականացումը կանխելու համար: Զրուցակիցները քննարկած են հայ-աւստրալական կապերու հետագայ զարգացումը, նաեւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր: