Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի երեք ընդդիմադիր խմբակցութիւնները Ատրպէյճանի խորհրդարանի պատգամաւորներուն՝ Հայաստան կատարած այցելութեան առնչութեամբ հանդէս եկած են հետեւեալ կոչով. «Հայաստանի եւ Արցախի խորհրդարաններուն միջեւ նուազող յարաբերութիւններու լոյսին տակ ՀՀ վարչապետը ջերմ ընդունելութիւն կազմակերպած է Ատրպէյճանի խորհրդարանի պատգամաւորներուն: Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է է «Եւրոնեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովի Հայաստան ժամանած Ատրպէյճանի խորհրդարանի պատգամաւորներուն հետ, իսկ այսօր այդ պատգամաւորները շնորհակալութիւն յայտնած են ՀՀ վարչապետի ջերմ ընդունելութեան համար: Անհանգստացնող է այն հանգամանգը, որ որեւէ տեղեկութիւն չկակ այն մասին, թէ այդ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Արցախի Հանրապետութեան եւ լայն հասարակութիւնը յուզող իրական հարցերը՝ առնչուած անվտանգութեան, հայ գերիներու վերադարձին, բռնագրաւուած տարածքներու մէջ մշակութային արժէքներու ոչնչացման եւ մարդու իրաւունքներու ոլորտին մէջ օր օրին վատթարացող հարցերը։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ յատկապէս կարևոր կը համարենք երկու հայկական պետութիւններու՝ միջխորհրդարանական յանձնաժողովի միջոցով օրէնսդիր մարմիններու գործակցութեան օր առաջ վերսկսումը, ուր պիտի քննարկուին անվտանգային, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հայատեաց քաղաքականութեան շարունակական դրսեւորումներուն համաչափ ու համարժէք արձագանքելու, հայ գերիները վերադարձնելու եւ բազմաթիւ այլ հրատապ հարցեր: Նկատի առնելով մեր տարածաշրջանին մէջ ծաւալող իրադարձութիւնները՝ կոչ կ’ուղղենք Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններու Ազգային ժողովներու նախագահներուն հրատապ կազմակերպելու միջխորհրդարանական յանձնաժողովի նիստ:

ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ՝

«ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ» խմբակցութիւն

«ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ» խմբակցութիւն

«ԱՐՑԱԽԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ» խմբակցութիւն

Ք. Ստեփանակերտ

22 Փետրուար 2022թ.»: