«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական աթոռոյ գահակալ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա. կաթողիկոսը իւրաքանչիւր տարի նշանաբանով մը դրոշմելու քառորդ դարու վրայ հաստատած իր աւանդութիւնը նոր օղակով մը հարստացուց, 2022-ը հռչակելով «Սփիւռքի Տարի»», կը կարդանք Անթիլիասի մամլոյ գրասենեակին յայտարարութիւնը:
2003 թուականէն սկսեալ Վեհափառ Հայրապետը իւրաքանչիւր տարի հռչակած է մեր ժողովուրդի կեանքին հետ աղերս ունեցող կարեւոր դէպքի մը, ամեակի մը կամ երեւոյթի մը նուիրուած տարի:
Այսպէս ունեցած ենք Հայ Դպրոցի Տարի, Հայ Կնոջ Տարի, Արցախի Տարի եւ այլն:
Մամուլը գիրով անդրադարձած է տարուան երեւոյթին, յօդուածներով, գեղարուեստական գրութիւններով եւ գիտաժողովներով:
Թերեւս ճի՛շդ ատենն է տարին նուիրելու Սփիւռքին, որ այնքա՜ն կարիքներ ունի, բայց մէկ յստակ գաղափար կայ, որ բնաւ պէտք չէ մտահան ընել՝ այնքան ժամանակ, որ տակաւին չենք կրնար բոլորս, ազգով-տեղով փոխադրուիլ Հայաստան եւ հոն կայք հաստատել, ուրեմն Սփիւռքը պիտի մնայ, եւ եթէ պիտի մնայ, ուրեմն լաւ կ’ըլլայ որ մնայ որպէս զօրաւոր հաւաքականութիւն:
Այս տարի, երբ հայ իրականութիւնը աննախադէպ ճգնաժամի մէջ է Հայաստան-Արցախէն մինչեւ Սփիւռքի հեռաւոր անկիւնները, կը կարծենք որ գրութիւններն ու մանաւանդ գիտաժողովները բաւարար պիտի չըլլան, որովհետեւ եթէ նախկին տարիներուն գիտաժողովները լոյսին կը բերէին տուեալ երեւոյթին պատմականը, ապա կը համադրէին եւ կ’ամփոփէին ըսուածները, Սփիւռքի տարին աւելի գործնական միջոցներ կը պահանջէ, նախ սեղանի վրայ դնելու համար ԲՈԼՈՐ հարցերը, ապա զանոնք լուծելու կամ գոնէ անոնց մասին մտածելու գործիքներ տրամադրէ:
Դիւրին չէ ասիկա, որովհետեւ այնքա՜ն բազմաթիւ եւ բազմազան են մեր մտահոգութիւններն ու մեզ անքուն պահող խնդիրները՝ Արցախ ի՛ր հարցերը ունի, կամ մէկ գլխաւոր հարց ունի՝ վերադարձնել առնուած տարածքներն ու մանաւանդ Շուշին. Հայաստան կը շարունակէ տառապիլ արտագաղթի ճիրաններուն մէջ, որուն պատճառները շատ են, գլխաւորը ըլլալով աշխատանքի անբաւարարութիւն. Սփիւռքի մէջ որպէս ընդհանրական հարց՝ խիստ ճգնաժամ կ’ապրին լեզուն եւ մշակոյթը, իսկ իւրաքանչիւր գաղութ ունի ի՛ր հարցերը:
Կարծէք հայութիւնը կը դիմագրաւէ եօթ գլխանի հրէշ մը, որ երկար ատեն քնացած մնալէ ետք, ահա որ արթնցած, իր ամէնօրեայ զոհը կը պահանջէ:
9 Յունուարին յայտարարուած որոշումը՝ 2022-ը որպէս Սփիւռքի տարի, արդէն իր արձագանգը գտած է մամուլին եւ լրատուամիջոցներուն մէջ, տարբեր գրիչներով եւ տարբեր ձայներով:
Օրինակ Օքսֆորտէն (Անգլիա) դոկտոր Հրաչ Չիլինկիրեան կ’ըսէ՝ «Սփիւռքը սփիւռքի հարցերով զբաղող կառոյցներու կարիքը ունի»:
ԱՄՆ-էն Գէորգ Պետիկեան կը գրէ՝ «Որովհետեւ (Վեհափառին) հրամցուցածը ազնիւ ցանկութիւն է» եւ կը շարունակէ՝ «եւ պատասխանատու մօտեցում կ’ենթադրէ ու կը պահանջէ»:
Կարդալով նման գրութիւններ յանկարծ կ’անդրադառնանք, որ արեւմտեան կողմն աշխարհի ապրող մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար այնքան տարբեր են իրականութիւնն ու առօրեան Արեւելքի գաղութներէն: Ճիշդ է, որ իւրաքանչիւր հեղինակ ի՛ր մտածումներն է որ կ’արտայայտէ, միաժամանակ սակայն կը փորձէ դառնալ ընդհանուրին ձայնը: Հետեւաբար եթէ արեւելեան գաղութներէն դուրս եւ անկէ շատ հեռու ապրողներուն համար «Սփիւռքը ցուրտ եւ խաբուսիկ է», այդպէս չէ Արեւելքի գաղութներուն մէջ ապրողներուն համար, որոնք մինչեւ այսօր կրցած են, գոնէ որոշ չափով պահել իրենց հայութեամբ տրոփուն առօրեան:
Արդեօ՞ք 2022-ը «Սփիւռքի Տարի» յայտարարող այս հռչակագիրը նպատակ ունի «հոգեկան իրականութիւն մը» ներշնչել, թէ՞ կա՛ն, մտածուած են գործնական քայլեր, արդիւնաւէտ դարձնելու համար այս տարին, որպէս Սփիւռքի տարի:
Եթէ յայտարարութեան հետ նաեւ ծրագիր մը ներկայացուէր մեզի, թերեւս աւելի յստակ կ’իմանայինք թէ ճիշդ ի՛նչ պէտք է ըլլայ մեր դերը, որպէս ժողովուրդ, այս տարուան ընթացքին:
Վեհափառ Հայրապետը Իր խօսքին մէջ, ներկայացնելով Սփիւռքի տարին կ’ըսէ.
«Անորոշութիւններով ու տագնապներով լեցուն Սփիւռքի ներկայ իրավիճակը, մեր ղեկավար մարմիններն ու մտաւորականները պէտք է մղէ իրապաշտ ոգիով ու պատասխանատու մօտեցումով տագնապելու, մտածելու, քննելու, խորհրդակցելու, Սփիւռքի ներկան վերակազմակերպելու եւ ապագան հունաւորող ճամբաներ ու միջոցներ որոնելու»։
Տագնապիլ, մտածել, քննել, խորհրդակցիլ, վերակազմակերպել, միջոցներ որոնել …
Ահա՛ ամբողջական ծրագիրի մը ուրուագիծը: Լաւ կ’ըլլայ զայն գործնականացնելու միջոցներ գտնել անյապաղ կերպով եւ զանոնք իրագործել:
Երանի, հազար երանի, որ այս գեղեցիկ գաղափարը ծնած ըլլար քառորդ դար առաջ, երբ Հայաստանի անկախութեան գինովութեան մէջ մոռցած էինք Սփիւռքին դերը, որ յետոյ, տասնամեակները փաստեցին, այնքան կենսական էր Հայաստանի համար: Մեր խանդավառութեան մէջ, փոխանակ Սփիւռքի միջոցները ծառայեցնէինք աշխարհին մեզ, մեր երկիրը եւ Ցեղասպանութիւնը ոչ միայն ծանօթացնելու, այլ այդ աշխարհին համոզելու, որ մեր երկիրը իրաւո՛ւնք ունի խաղաղ ապրելու … Սփիւռքէն կտրեցինք կարգ մը միջոցներ, զանոնք Հայաստան ուղղելու համար:
Օրինակ ունէինք ԱՄՆ-ի կարեւոր համալսարաններէն մէկուն հրատարակութեամբ եւ անգլերէն լեզուով լոյս տեսնող տարեգիրք մը, որ ամբողջութեամբ նուիրուած էր հայ գրականութեան եւ գրաքննադատութեան, Սփիւռքի ժամանակակից լաւագոյն մտաւորականներէն մէկուն խմբագրութեամբ:
Դադրեցուեցաւ տարեգիրքը, որովհետեւ զայն հոգացող մեծ միութիւնը իր ամբողջ ներոյժը որոշեր էր Հայաստան տեղափոխել եւ չէր կրնար տարին մէկ անգամ լոյս տեսնող հրատարակութեան մը ծախքը հոգալ:
Նման այլ դէպքեր եւս պատահեցան, որոնք մէկ կողմէ Սփիւռքը խեղճացուցին, միւս կողմէ ժողովուրդին հոգեկանը ջլատեցին:
Այսօր սակայն այլ, մեծ աշխատանք մը կը սպասէ մեր բոլորին: Մեծ, իրապէ՛ս հսկայ աշխատանք Սփիւռքի մը մէջ, որուն գլխաւոր յատկանիշը իր խճանկարային վիճակն է:
Պիտի կարենա՞նք Սփիւռքի տարին արժանապատիւ կերպով դիմագրաւել եւ արդիւնաւէտ կերպով զայն աւարտի բերել:
Այլընտրանք չունինք, արդէն շատ ուշ ենք, պարտաւո՛ր ենք ոչ միայն մենք զմեզ, այլ եւ մեր հայրենիքը պահել:
Մարուշ Երամեան