“Ապառաժ”._24 Փետրուար 2022_ին Երեւանի ժամով առաւօտեան ժամը 10:00-11:00_ին Ասկերանի շրջանի Խրամորթ գիւղին մոտ տեղակայուած ատրպէյճանցիները բարձրախօսներով փորձած են ահաբեկել բնակիչները։ «Ապառաժ» այցելած է Խրամորթ, ուր բնակիչները տեղեկացուցած են, որ ատրպէյճանցիները բարձրախօսներով հայերէն յայտարարութիւններ կատարած են` ըսելով լքեցէք մեր տարածքները, խաղաղութեամբ հեռացէք, այլապէս ուժի պիտի դիմենք եւ այլն։ Ասոնք ատրպէյճանական հերթական սպառնալիքներ են, որով նպատակ ունին խուճապ տարածելու հայերու շրջանին մէջ։ Նշենք նաեւ, որ ատրպէյճանցիները կրակոցներով խոչընդոտած են տարածքի մէջ գիւղատնտեսական աշխատանքներու կատարումը։