Երկուշաբթի, 21 Փետրուար 2022-ին, Ատրպէյճանի ռազմական դատախազութեան յատուկ հետաքննութիւններու բաժանմունքի ղեկավար Էմիլ Թաղիեւ յայտնեց, որ Հայաստանի նախկին նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի հանդէպ հետախուզում յայտարարուած է:
Ըստ ատրպէյճանցի դատախազին, Քոչարեան ու Սարգսեան կը հետախուզուին 1988 թուականէն ծաւալած իրենց գործունէութեան համար:
«1988 թուականի Փետրուարէն վերոնշեալ անձերը հայերուն եւ ատրպէյճանցիներուն միջեւ ազգային թշնամանք եւ ատելութիւն սերմանելու նպատակով (Ստեփանակերտ) քաղաքի կազմակերպութիւններուն եւ գերատեսչութիւններուն մէջ հայ աշխատակիցներուն հետ ժողովներ գումարած են», յայտնեց Թաղիեւ:
Բացի ատկէ, ըստ ատրպէյճանական դատախազութեան ներկայացուցիչին, «Քոչարեան եւ Սարգսեան 2 Սեպտեմբեր 1991-ին հռչակեցին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, Շահումեանի շրջանը անօրինականօրէն կցեցին Լեռնային Ղարաբաղին, այդ տարածքներուն մէջ ատրպէյճանական օրէնքներու եւ Ատրպէյճանի Սահմանադրութեան գործողութեան դադրեցման անօրինական որոշում տուին»: