“Շանթ”._Դիմատետրի օգտատէր Աշոտ Թունեան իր էջին վրայ տեսանիւթ հրապարակած եւ կից գրած է, որ Ուքրանիոյ մէջ հայկական խանութները անվճար հաց կու տան ուքրանացիներուն. «Աստուած օրհնէ հայերը։ Անոնք են մեր ժողովուրդին արժէքները։ Մենք պէտք է սէր տարածենք, ոչ թէ ատելութիւն իրարու նկատմամբ։ Սիրելով զիրար»,գրած է ան։